
ՊԱՔՈՒ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասի բաժանմունքի տնօրէն Անտրէյ Քելին, ատրպեճանական «Էյ.Էն.Էս.» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Ռուսիա պատրաստ է բոլոր ջանքերը գործադրելու ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման համար։ Ըստ անոր, ներկայիս պատրաստութիւններ տեղի կ՛ունենայ Քազանի մէջ կայանալիք Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման համար։
«Ատոր վրայ կ՛աշխատին նախագահները, իսկ նախարարները զբաղած են համապատասխան նիւթերու մշակումով։ Տուեալ գործընթացին կը մասնակցէին նաեւ համանախագահները։ Ատիկա լուրջ եւ նուրբ աշխատանք է», նկատել տուած է Քելին։
Ան յայտնած է, թէ «յառաջընթացի հասնելու համար, կողմերէն կամք է հարկաւոր։ Մենք կը կարծենք, որ այժմ անհրաժեշտ է առաւելագոյն ջանքեր գործադրել՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար»։