ՇԹՈՒԹԿԱՐԹ.- Շթութկարթի համալսարանի ղեկավար Ինճինիոռ Վոլֆրամ Ռեսսել մերժած է համալսարանի սրահը տրամադրել Մայիս 28ին նախատեսուած «Հալածանք՝ տեղահանութիւն եւ բնաջնջում քրիստոնեաներու նկատմամբ՝ 1912-1922ին Օսմանեան սուլթանութեան մէջ» վերտառութեամբ ոգեկոչման համար:
Մերժումը համալսարանի ղեկավարը պատճառաբանած է Պերլինի թրքական կազմակերպութիւններէն մէկուն ներկայացուցած բողոքով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան, ժողովուրդներու փոխըմբռնման ճանաչում» աշխատանքային խումբին կայքը՝ (http://aga-online.org/de/ueberuns/index.php):
Մայիս 28ի ձեռնարկի կազմակերպիչները՝ Եւրոպայի Պոնտոսի յոյներու կազմակերպութիւններու միութիւնը, Ասորիներու ժողովրդավարական կազմակերպութեան Միջին Եւրոպայի մասնաճիւղը, ինչպէս նաեւ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան, ժողովուրդներու փոխըմբռնման ճանաչում» աշխատանքային խումբը, միսնաբար կը յայտարարեն.
«Մենք չափազանց մտահոգիչ կը համարենք, երբ հարիւր տարի յոյներու, ասորիներու արամալեզու քրիստոնեաներու եւ յոյներու նկատմամբ Օսմանեան սուլթանութեան մէջ իրականացուած ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկին համար սրահ մը վարձու տալու քաջութիւն չի ցուցաբերուիր, ինչ որ այդ մեծ ոճրագործութեան գնահատումը կրնայ ըլլալ, միեւնոյն ժամանակ՝ ապագայ ցեղասպանութիւններուն պիտի ծառայէ իբրեւ կանխարգելիչ ազդակ: Ընդհանրապէս ոճրագործութեան հարցով անկարելի է չէզոք դիրքորոշման նահանջելը: Իրականութիւնը այն է, որ Օսմանեան սուլթանութեան մէջ աւելի քան երեք միլիոն քրիստոնեայ քաղաքացիներու ցեղասպանութիւնը Թուրքիան պաշտօնապէս մինչեւ այսօր կը վիճարկէ, եւ անոր հրապարակային քննարկումը նոյնիսկ հնարաւորինս կը փորձէ արգիլել արտերկրի մէջ, սակայն ատիկա չի կրնար օրինակելի ըլլալ գերմանական համալսարանի մը համար»:
Կազմակերպիչները նաեւ կը յիշեցնեն, որ Շթութկարթի համալսարանին կողմէ մերժումը կը հակասէ գերմանական օրէնսդիր մարմինի 2005ի Յունիս 16ի որոշումին, որով օրէնսդիրները, հիմք ունենալով Գերմանիոյ պատմական պատասխանատուութիւնը՝ միաձայն յայտարարած էին, որ պատմութեան վերանայումը վէրքերը ամոքելու եւ հաշտութեան նախադրեալ է:
«Գերմանիոյ Պունտենսթակը իր երկարատեւ սեփական փորձէն լաւ գիտէ, թէ որքա՛ն դժուար է ժողովուրդի մը համար իր անցեալի սեւ Էջերուն հետ առերեսուիլը: Ան, սակայն, հաստատ համոզուած է, որ պատմութեան վերանայումը անխուսափելի է եւ հաշտութեան ամենակարեւոր կռուանն է: Գերմանիան ալ, որ մաս ունի հայ ժողովուրդի նկատմամբ ոճրագործութեան անտեսման հարցին մէջ, պարտաւոր է իր պատասխանատուութիւնը կրել», կը յայտարարեն ձեռնարկի կազմակերպիչները: