
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հինգշաբթի, 26 Մայիս, 2011ին, ՄԱԿի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Ներկայացուցչութեան յարկին տակ, Հայաստանի հանրապետութեան լիազօր ներկայացուցիչ Կարէն Նազարեանը հիւրընկալեց «Հայեր ՄԱԿէն ներս» համախմբումը: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր տարիներէ ի վեր ՄԱԿի մէջ աշխատող Լուսինէ Դերձակեանի եւ ՀՕՄի ՄԱԿի՝ աշխատանքները համակարգող Հուրի Կէօտելէքեանի կողմէ, իրարու մօտ բերելով ՄԱԿի զանազան կառոյցներէն ներս աշխատող կամ ծրագիրներ հետապնդող հայ անձնաւորութիւնները: Աւելի քան 70 հայեր կը գործեն ՄԱԿի ծիրէն ներս որպէս պաշտօնեաներ կամ տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի ծիրէն ներս գործող կամաւորներ:
Մայիս 26ի հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերած անձնաւորութիւնները, եկած էին խօսելու իրենց ազգակիցներուն հետ եւ իրարու հետ բաժնելու իրենց աշխատանքային փորձը:
«Ամէն տարի այս Ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ պիտի համախմբուինք մեր յաջողութիւնները նշելու, Հայաստանի անկախութիւնը տօնելու, քով-քովի բերելու ՄԱԿէն ներս գործող հայերը եւ մեր ապագայ ծրագիրներու մասին խորհրդակցելու», յայտնեց ՄԱԿի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր ներկայացուցիչ՝ Կարէն Նազարեանը:
Ձեռնարկի ընթացքին Լուսինէ Դերձակեան ըսաւ. «ՄԱԿէն ներս գործող հայերու անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր հիւրընկալութեան եւ ջերմ ընդունելութեան համար: Մենք մեզ կը զգանք մեր տան մէջ»:
ՄԱԿի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին ներկայացուցիչ՝ Մովսէս Աբէլեան, որ այժմ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի տնօրինութեան մաս կը կազմէ, իր յիշողութիւնները պատմեց, թէ ինչպէ՞ս կարելի եղած էր այդ շէնքը վերածել Հայաստանի Հանրապետութեան Ներկայացուցչութեան շէնքի:
Հաւաքի եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ ՄԱԿի մօտ ՀՕՄի աշխատանքներու համակարգող Հուրի Կէօտելէքեան:
Here is the news gone bu Haylur.