ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Ա. Հոգեհանգիստ
Ամէն տարի, շրջանիս «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղը, ննջեցեալ իր անդամ-անդամուհիներուն համար հոգեհանգիստ կը կատարէ: Այս տարի, աւանդութիւն դարձած այդ հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Մայիս 15ին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիին մէջ, պատարագէն ետք: Ներկայ էին ննջեցեալներու պարագաները, ինչպէս նաեւ Համազգայինի մեծ թիւով անդամներ:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, «Ասպարէզ» ակումբի փոքր սրահին մէջ, վարչութիւնը հոգեճաշ հրամցուց ներկաներուն: Ճաշի ընթացքին, վարչութիւնը իր շնորհակալութեան խօսքը փոխանցելէ ետք, ըսաւ. «Մենք ամէն տարի կը յիշենք մեր ննջեցեալ ընկեր-ընկերուհիները եւ կը հպարտանանք անոնց կատարած աշխատանքով. իւրաքանչիւր համազգայնական, իր կարողութեան սահմաններուն մէջ, պէտք է իր լուման դնէ այս մեծ հաստատութեան գանձանակին մէջ եւ անցնի: Հոգեհանգիստ կատարուեցաւ հետեւեալ ննջեցեալներու հոգիներուն համար. Սոնա Սաղտըճեան, Ռոզին Սաղտըճեան, Մարի Ճուհարճեան, Էլիզապէթ Վահրատեան, Սեդա Սատոյեան, Երուանդ Քեմենչէճեան, Երուանդ Չատըրճեան, Յակոբ Գունտագճեան, Վարուժան Պուլութեան, Գրիգոր Ագսարեան եւ Յովհաննէս Շամիկեան:
Հոգեճաշի ընթացքին եղան նուիրատուութիւններ, շնորհակալութեան խօսքեր եւ ննջեցեալներու կեանքի մասին քաղցր վերյիշումներ, որոնք դիմաւորուեցան նոյնքան անուշ ժպիտներով եւ արցունքի կաթիլներով:
Բ. Հարցազրոյց՝ Փոքրիկներու Պարախումբի Ելոյթին Առիթով
Նախաձեռնութեամբ «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի վարչութեան, երկու տարի առաջ շրջանիս մէջ կազմուեցաւ փոքրիկներու պարախումբ մը, եւ ինչպէս իմացանք, ան իր առաջին ելոյթը պիտի ունենայ Կիրակի, 12 Յունիսին, Ֆրեզնոյի «Վեթերանզ Մեմորիըլ Օտիթորիում»ին մէջ: Նախքան ելոյթը, փոքրիկներու այս խումբը հանրութեան ծանօթացնելու համար, հարցազրոյց մը ունեցանք վարչութեան ատենապետ Պօղոս Հանտեանի հետ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարո՛ն ատենապետ, կրնա՞ք հանրութեան տեղեկութիւններ փոխանցել ձեր պարախումբին մասին. ե՞րբ սկսած էք, ի՞նչ պայմաններու տակ, ի՞նչ դժուարութիւններ յաղթահարած էք եւ պարախումբը պատրա՞ստ է հանրութեան ներկայանալու:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ընդհանուր մեր ժողովներուն, միշտ առաջարկուած է պարախումբ, երգչախումբ եւ թատերախումբ ունենալ, սակայն անիկա միշտ խօսքի սահմանին մէջ մնացած է: Նախորդ վարչութիւնը կազմեց այս պարախումբը եւ կանոնաւոր փորձեր կատարեց. մենք շարունակեցինք փորձերը եւ շնորհիւ մեր պարուսոյց Լուսինէ Յարութիւնեանի ջանքերուն եւ մեր պարողներու հետեւողական աշխատանքին, այսօր կու գանք հպարտօրէն բոլորին ըսելու, թէ մենք պատրաստ ենք հանրութեան ներկայանալու եւ մեր պարերով բազմութիւնը ուրախացնելու: Մասնաւոր դժուարութիւններ չունեցանք. փորձերը տեղի կ՛ունենային Երեքշաբթի օրերը, դպրոցէն անմիջապէս ետք, Չարլի Քէյեան համագաղութային վարժարանին մէջ: Հոս կ՛ուզենք հրապարակաւ մեր շնորհակալութիւնը յայտնել դպրոցի տնօրէնութեան եւ հոգաբարձութեան անդամներուն, որոնք սիրայօժար տրամադրեցին դպրոցին սրահը:
Հ.- Քանի՞ անձերէ կը բաղկանայ այս պարախումբը:
Պ.- Պարախումբը 23 անդամ-անդամուհիներ ունի. 5էն 10 տարեկան՝ 18 աղջիկ եւ 5 մանչ:
Հ.- Փոքրիկներու այս պարախումբը անուն ունի՞:
Պ.- Այո, անունը որոշած ենք, սակայն զայն պիտի յայտարարենք բեմին վրայ յատուկ արարողութեամբ, նախքան ելոյթը սկսիլը, կնքահայրութեամ բժիշկ տէր եւ տիկին Արա Սողոմոնեանի:
Հ.- Վստահ ենք, որ ապագայի աշխատանքի լաւ հեռանկարներ եւ գաղափարներ ունիք. կրնա՞ք տեղեկութիւններ փոխանցել մեր ընթերցողներուն եւ Ֆրեզնոյի հայ գաղութին:
Պ.- Մեր հեռանկարներն ու գաղափարները շատ են. նախ կ՛ուզենք ունենալ անձնական կեդրոն մը՝ ամէն տեսակի յարմարութիւններով, ուր կարելի ըլլայ կազմակերպել պարախումբ, երգչախումբ, թատերախումբ, ինչու չէ նաեւ նուագախումբ, եւ օժտուած ըլլայ գրադարանով եւ լողաւազանով:
Հ.- «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղը ուրիշ ըսելիք ունի՞ Ֆրեզնոյի հայ գաղութին:
Պ.- Պիտի խնդրէինք Ֆրեզնոյի մեր բարեկամներէն եւ ծանօթներէն, որ Կիրակի, Յունիս 12ին ներկայ գտնուին «Վեթերանզ Մեմորիըլ» սրահ եւ իրենց ծափերով ու կանչերով խանդավառեն մեր փոքրիկ արուեստագէտ-արուեստագիտուհիները: Սիրով կը սպասենք բոլորիդ:
Յաջողութիւն կը մաղթենք Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի վարչութեան եւ անդամներուն, ինչպէս նաեւ ի սրտէ կը ցանկանք շուտափոյթ իրագործում ապագայի հեռանկարներուն: Վստահ ենք, որ փոքրիկներու պարախումբին այս ելոյթը մեծ յաջողութեամբ պիտի պսակուի եւ յաղթական իր երթը պիտի շարունակէ՝ հպարտանք եւ ուրախութիւն պատճառելով գաղութիս եւ Համազգայինի մշակութային մեծ ընտանիքին: