ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ս. Վահանի՝ «Սասունցի Դաւիթի Հետքերով» հատորին ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Յունիս 10ին, երեկոյեան ժամը 8ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale, CA): Գիրքը պիտի ներկայացնէ Լիզա Մանոյեանը: Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Ոստիկանական վէպի ոճով գրուած այս հատորը, որ կ՛առնչուի եւրոպական անանուն մայրաքաղաքի մը մէջ թուրք դեսպանի մը դէմ ահաբեկչական գործողութեան, ու օրեր ետք իշխանութիւններուն յանձնուելու ահաբեկիչին որոշումին, կը կ՛արդացուի սահունութեամբ:
Նախապէս Լիբանանի «Ազդակ» թերթին մէջ թերթօնի վիճակով լոյս տեսած վէպին սոյն սեղմացուած ու պարզեցուած տարբերակը, հեղինակը պատրաստած է՝ պատանեկան ընթերցանութեան գրադարանը ժամանակակից, այժմէական հարցեր շօշափող գրականութեամբ հարստացնելու նպատակով:
Գիրքէն օրինակ մը ապսպրելու համար այցելել www.abrilbooks.com/books/12260.html կայքէջը, իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին: