ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Ամերիկահայ առեւտուրի գրասենակին, Հինգշաբթի, Մայիս 5ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ, համայնքի ներկայացուցիչները հանդիպում մը ունեցած են Հայաստանի մօտ ՄԱԿի ներկայացուցիչ Տաֆինա Կարչեւայի ու անոր խորհրդական Արմէն Բայբուրդեանի հետ: Ներկայ էր Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Մայքըլ Անթոնովիչի, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամներ Էնթընի Փորթանթինոյի ու Մայք Կաթոյի ներկայացուցիչները եւ խումբ մը ամերիկահայ գործարարներ:
Տաֆինա Կարչեւա տեղեկութիւններ տուաւ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման մասին՝ շեշտելով արտաքին ներդրումներու կարեւորութիւնը: