
Շաբաթ, 3 Մայիսի երեկոյեան, Նիսի «Պարսամեան» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի Ֆրանսայի չորրորդ մասնաճիւղին հիմնադիր ժողովը, ներկայութեամբ՝ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի, Կեդրոնական վարչութեան Եւրոպայի ներկայացուցիչներ Ֆատի-Խաժակ Գազանճեանի եւ Սեւակ Թորոսեանի։ Հիւրաբար ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄի Ֆրանսայի Փարիզի մասնաճիւղի վարչութենէն Պօղոս Մահպուպեան, ՀՄԸՄի Մարսէյի վարչութենէն Յովիկ Զարուպեան եւ Էրիք Սարաճեան, Մարսէյի սկաուտ խմբապետներ Նարեկ Հաննէեան եւ Նանոր Բանոյեան։
Հիմնադիր այս ժողովին ներկայ գտնուեցան 42 ՀՄԸՄականներ։
Ժողովին սկիզբը, մասնաճիւղի հիմնադրութիւնը կազմակերպող նշանակեալ կազմին կողմէ վեցամսեայ գործունէութեան բարոյական եւ նիւթական տեղեկագիրներ ներկայացուցին Սոնիա Գասապեան եւ Սօսի Շէխոյեան։
Եղան լուսաբանական հարցումներ եւ տրուեցան պատասխաններ։
Սեւակ Թորոսեան գնահատանքի խօսք փոխանցեց կազմակերպիչ կազմին, որ բծախնդրութեամբ հետեւեցաւ Կեդրոնական վարչութեան ցուցմունքներուն եւ յաջողեցաւ այս ժողովը իրականացնել։


Ընտրութեան օրակարգին ընթացքին մասնաճիւղի անդրանիկ վարչութեան անդամ ընտրուեցան Մակի Ճորճեան, Սոնիա Գասապեան, Սօսի Շէխոյեան-Թաթարեան, Հռիփսիմէ Պոշնագեան եւ Ալիք Արսլանեան։
Ապա, Յակոբ Խաչերեան նորընտիր վարչութեան փոխանցեց միութեան դրօշը, Սեւակ Թորոսեան՝ ՀՄԸՄի սկաուտութեան դրօշը, իսկ Ֆէտի-Խաժակ Գազանճեան՝ ՀՄԸՄի կանոնագիրը։
Այս առիթով, սրտի ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին ՀՄԸՄ-Ֆրանսի եւ Մարսէյի ներկայացուցիչները՝ Պօղոս Մահպուպեան եւ Էրիք Սարաճեան։
Հուսկ, փակման եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Յակոբ Խաչերեան։ Ան ներկայացուց ՀՄԸՄի հայապահպանման մեծ դերակատարութիւնը՝ նշելով, որ 107ամեայ այս միութիւնը աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութիւնը կը համախմբէ սկաուտական, մարզական եւ դաստիարակչական ծրագիրներով, առիթ տալով, որ բոլորը իրարու ծանօթանան, հայերէն խօսին, հայերէն մտածեն եւ հայօրէն գործեն, մինչեւ որ կատարենք մեր ուսերուն դրուած պարտքը՝ փոխանցուած այս դրօշները զետեղենք Արարատի գագաթին, իսկ մեր սկաուտները իրենց բանակումը կատարեն Արարատի լանջերուն։
Հիմնադիր ժողովը փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով եւ խմբանկարով մը։