ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի գլխաւոր համաճարակաբան Արա Ասոյեանի տեղեկութիւններով, Նորքի հիւանդանոց տեղափոխուած են Նուպարաշէն շրջանի ջուրէն թունաւորուած 56 քաղաքացիներ, որոնցմէ 27ն արդէն դուրս եկած է հիւանդանոցէն։
Ըստ Ասոյեանի, տարրալուծարանային հետազօտութիւններ կը կատարուին պարզելու համար աղիքային վարակի պատճառ դարձած յարուցիչին տեսակը։
Խմելու ջուրի թունաւորման դէպքին առթիւ յարուցուած է քրէական գործ: