ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Թուրքիոյ ազգայնամոլ «Գորշ գայլեր»ու քաղաքական թեւը հանդիսացող Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախագահ Տեւլեթ Պահչելի, Երկուշաբթի, Յունիս 6ին Տիարպեքիր այցելած է, Յունիս 12ի խորհրդարանական ընտրութեանց համար ընտրապայքարի քարոզչութիւնը ընելու նպատակով, սակայն անոր խօսքերէն կարելի է եզրակացնել, թէ մեծ թիւով քուէներ պիտի չկարենայ ապահովել: Յատկանշական է, որ վերջին անգամ Ալփասլան Թիւքեշն էր, որ իբրեւ նշեալ կուսակցութեան պետ, 1995ին այցելած էր Տիարպեքիր:
Պահչելի իր ելոյթին ընթացքին շեշտը դրած է «միասնականութեան» կարեւորութեան վրայ, միաժամանակ ցոյց տալով, թէ պատրաստ չէ քիւրտ ժողովուրդին տարրական իրաւունքները վերադարձնելու գաղափարին:
«Մարմարա» կը հաղորդէ, թէ Պահչելի առաւելաբար կանգ առած է մայրենի լեզուի հարցին վրայ՝ իւրայատուկ տեսանկիւնէ մեկնաբանելով այդ նիւթը։ Ան յայտնած է, որ քիւրտերու լեզուին հանդէպ «յարգանք ունի», բայց կարեւորը՝ երկրին մէջ տիրող անգործութիւնը, աղքատութիւնը եւ անիրաւ վարչաձեւն է։ Այս արտայայտութենէն ետք, ան հարց տուած է. «Խորհեցէք անգամ մը. ենթադրեցէք, որ սահմանադրութեամբ մայրենի լեզուով կրթութեան կարելիութիւնը հաստատուեցաւ։ Ձեր փորը պիտի կշտանա՞յ այն ատեն։ Մայրենի լեզուով կրթութեան կարելիութեամբ ձեր տնտեսական հարցերը պիտի լուծուի՞ն։ Ձեր հացի կարիքը պիտի վերջանա՞յ, ձեր կռնակին հագուստ մը պիտի կարենա՞ք առնել»։
Ապա Պահչելի անցած է շողոքորթութեան՝ չմոռնալով Յունիս 12ի ընտրութիւնները, ըսելով, որ ո՛չ մէկը «այս ազգին սեւամորթն է»։
«Չենք փափաքիր, որ ոեւէ մէկը ինքզինք օտար զգայ այս երկրին մէջ։ Մենք ինչ որ ենք, դուք ալ այդ էք», ըսած է ան, աւելցնելով հետեւեալը. «Դուք մեր ամէն ինչն էք։ Դուք մեր սրտին մէջ տեղ ունիք։ Ուաշինկթընցիները ձեզ մեզմէ աւելի չեն կրնար սիրել, պրիւքսելցիները ձեզ մեզմէ աւելի լաւ չեն կրնար հասկնալ, Արպիլի «փեշմերկեները» (Հիւսիսային Իրաքի քիւրտ զինեալները) մեզմէ աւելի հարազատ չեն ձեզի», փորձելով փոշի ցանել քիւրտերու աչքերուն:
Պահչելի ապա խստացնելով իր խօսքերը՝ մասնաւորաբար ակնարկելով տեղւոյն քիւրտ բնակչութեան ինքնավարութեան ձգտումներուն՝ յայտնած է, թէ բոլոր անոնք, որոնք թուրք ժողովուրդէն անջատուելու երազով կը տոգորին, անկախ պետականութիւն հաստատելու ծրագիրներ կը մշակեն, պէտք է «իրենց խելքը գլուխ բերեն», որովհետեւ Թուրքիա այդպէս մտածողներուն «խճաքար մը իսկ չունի տալիք»։
Պահչելի նաեւ վարչապետ Էրտողանի քաղաքականութիւնը քննադատելով՝ յայտնած է, որ ինք եկած է փճացնելու Էրտողանի կողմէ քիւրտերուն եւ իրենց միջեւ ցանուած թշնամութեան հունտերը, նաեւ՝ «հազարամեայ եղբայրութիւնը վերարծարծելու ու զայն յաւիտենապէս ապրեցնելու համար»։ «Ունինք միեւնոյն աղօթքները, միեւնոյն հասկացողութիւնը։ Մենք դարերէ ի վեր մեր հացը միասին կտրեցինք, մեր ջուրը միասնաբար խմեցինք։ Ճակատներու վրայ միասին պայքարեցանք, միասին խնդացինք, միասին լացինք։ Մեր սէրը բաժնեցինք, բայց մեր մարդոց միջեւ խտրականութիւնը արգիլեցինք։ Ունեցանք միեւնոյն անունները, ապրեցանք միեւնոյն ցաւերը, ունեցանք միեւնոյն յիշատակները», ըսած է ան, սակայն յաջորդ նախադասութեան մէջ իսկ սպառնացած է Անատոլուէն վտարել բոլոր անոնք, որոնք համաձայն չեն իր կուսակցութեան տեսլականին…