ՍԱՆԱԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հարաւային Եմէնի Թայիզ քաղաքի ցեղապետներու պետ շէյխ Համուտ Սաատ Մախլաֆի յայտնած է, որ եմէնեան ընդդիմութեան կողմնակից ցեղախումբերէ զինեալներ, Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հաւատարիմ ուժերուն հետ բուռն բախումներէ ետք, Երեքշաբթի, Յունիս 7ին գրաւած են Թայիզ քաղաքին մէկ մասը, մինչ նախագահին Եմէն վերադարձի մասին հակասական տեղեկութիւններ կը տարաձայնուէին: Կը հաղորդուի, թէ նախագահին ստացած վէրքերը նախապէս հաղորդուածէն աւելի ծանր են:
Նաեւ, հարաւային Եմէնի Զինճիպար քաղաքին մէջ, «Քայիտա»ի անդամ զինեալներու եւ եմէնեան բանակային ուժերու միջեւ բախումներուն ընթացքին արձանագրուած է 30 զոհ, որոնցմէ ինն՝ զինուորներ։
Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ բրիտանական զինուորական հետախուզական պատուիրակութիւն մը տեղակայուած է Եմէնի մօտերը՝ բրիտանացի քաղաքացիներ փրկելու նպատակով միջամտութեան մը պատրաստուելով: Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, բրիտանական ծովուժէն զինուորներ կը գտնուին «Ֆորթ Վիքթորիա» մարտանաւին վրայ, իսկ շրջանին մէջ կը գտնուի նաեւ «Արկոս» բժշկական մարտանաւը։