– Քալիֆորնիոյ մէջ, ապօրինի գաղթականի կարգավիճակով ուսանողները պիտի շարունակեն ստանալ նահանգի կողմէ կրթանպաստներ՝ իրենց ուսումը շարունակելու համար, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանը Երկուշաբթի, Յունիս 6ին մերժեց նման օժանդակութիւններ կասեցնելու պահպանողական խմբակի մը դիմումը: Անցեալ տարի, Քալիֆորնիոյ Գերագոյն ատեանը վճռած էր, թէ նահանգը կրնայ նման կրթանպաստներ տրամադրել նահանգէն ներս երկրորդական վարժարանի մը մէջ երեք տարի ուսած բոլոր աշակերտներուն:
– Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին զինուորագրուած ամերիկացիներուն համեմատութիւնը 8.6 տոկոս էր, իսկ ներկայիս՝ 0.5 տոկոս: