
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Թերթ».- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Չորեքշաբթի, 8 Յունիսին Ստեփանակերտի իր նստավայրին մէջ ընդունած է Պաքուէն Արցախ ժամանած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Ռապըրթ Պրատթքին (ԱՄՆ), Իկոր Փոփովը (ՌԴ) եւ Պեռնար Ֆասիէն (Ֆրանսա):
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն առնչուող տարբեր հարցեր:
Երկուստէք նշուած է, որ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի:
Նախագահ Սահակեան, կրկին անդրադառնալով սահմանէն դիպուկահարներու հեռացման հարցին, ընդգծած է, որ ատիկա կրնայ հանդիսանալ փոխվստահութիւն յառաջացնելու նպատակին նպաստող կարեւոր քայլ մը եւ դրականօրէն պիտի ազդէ բանակցային գործընթացին վրայ:
Բակօ Սահակեան անգամ մը եւս ներկայացուցած է պաշտօնական Ստեփանակերտի դիրքորոշումը՝ ընդգծելով, որ առանց բանակցութիւններու բոլոր փուլերուն Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան մասնակցութեան՝ անհնար է ակնկալել որեւէ բեկում հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ: