ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները հերթական այցով եղան Պաքու, երրորդ անգամն ըլլալով միայն Արցախ մտան՝ ուղղակի Ատրպէյճանէն, եւ վերջապէս, երէկ ժամանեցին Երեւան, ուր այսօր պիտի ունենան իրենց հերթական հանդիպումները Հայաստանի ղեկավարութեան հետ:
Հերթական այս այցը համանախագահները յայտնապէս ուզեցին տարբեր ձեւով բնութագրել՝ Տովիլեան յայտարարութեան ներշնչումով իրենց խօսքերուն մէջ ներմուծելով արագ լուծումի մը հասնելու հրատապութեան շեշտը:
Ի տարբերութիւն նախորդ այցելութիւններուն, այս անգամ, հանդիպումներուն նախորդող ու յաջորդող հրապարակային զրոյցներուն իր կարեւոր մասնակցութիւնը բերաւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը, որուն խօսքերը, մանաւանդ Արցախի կարգավիճակին վերաբերեալ (տես մեր երէկուան թիւը, առաջին էջ), մեզ հանգստացնելու միտում կը մատնեն, մանաւանդ երբ կ՛անդրադառնան Արցախի միջանկեալ կարգավիճակի մը, որ, ըստ ԵԱՀԿի այս պաշտօնատարին, չի կրնար էապէս տարբերիլ ներկայ կարգավիճակէն: Ներկայ կարգավիճակը եթէ անկախ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնն է, ապա այո՛, այդ խօսքերը կարելի է ընդունիլ իբրեւ քաջալերական:
Ռուս համանախագահին՝ Փոփովի, մէկ սրբագրումն ալ որոշ հանգստացնող տարր ունի իրեն մէջ: Արդարեւ, Փոփով, Տովիլեան յայտարարութեան բնագիրին մէջ տեղ գտած «Մատրիտեան նորոգուած սկզբունքներ»ուն անդրադառնալով՝ կը պնդէ, որ ինք այդ ձեւակերպումին համաձայն չէ, այսինքն՝ Մատրիտեան սկզբունքները նորոգուած չեն, եւ երեք յայտնի առանցքային հաւասարազօր հասկացողութիւնները՝ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը, տարածքային ամբողջականութեան իրաւունքն ու հակամարտութեան ուժային լուծման բացառումը, կը մնան ի զօրու:
Մէկ խօսքով, այս բոլոր խօսքերէն կարելի է եզրակացնել, որ այս այցելութիւնն ալ դատապարտուած է ըլլալու… հերթական: