
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Նապուքօ» կազատարի ծրագիրի հովանաւոր ընկերութիւնները Չորեքշաբթի, Յունիս 8ին, Կեսարիոյ մէջ համաձայնութիւն մը ստորագրած են, սակայն շինութեան ձեռնարկելու համար պայման է, որ ծրագիրին օժանդակեն այն երկիրները, որոնք բնական կազ պիտի մատակարարեն «Նապուքօ»ի։ Այս կազատարը, Կասպից ծովու շրջանէն բնական կազ պիտի հասցնէ Պուլկարիա, Ռումանիա, Հունգարիա եւ Աւստրիա՝ Թուրքիոյ միջոցաւ: Կազ մատակարարող հաւանական երկիրներն են Ատրպէյճանը, Թիւրքմէնիստանը, Իրաքը, Ռուսիան եւ եթէ միջազգային հանրութիւնը ընդունի՝ Իրանը։ Կազատարի կառուցումը պիտի սկսի 2013ին եւ պիտի արժէ շուրջ 12 միլիառ եուրօ:
Ընկերութիւնները կը յուսան այս կազատարով դէպի Եւրոպա արտածումներու սկսիլ 2017ին: