
ԱՊՈՒ ՏԱՊԻ, «Ճազիրա».- Լիպիոյ տագնապին հետեւող միջազգային յանձնախումբը Հինգշաբթի, Յունիս 9ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ իր խորհրդաժողովին աւարտին յայտնեց, թէ զօրավիգ կը կանգնի լիպիացի ժողովուրդին, որուն ներկայացուցիչը Ազգային փոխանցման խորհուրդն է։ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանքօ Ֆրաթինի յայտարարեց, թէ Լիպիոյ մէջ յետ Քազաֆի հանգրուանը սկսած է արդէն, իսկ իր պետութիւնը 300էն 400 միլիոն եուրոյի վարկեր եւ օժանդակութիւններ կը տրամադրէ ըմբոստներուն։ Ժողովին մասնակցեցան 40 պետութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին՝ կապի յանձնախումբի անդամ 20 պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները։ Թուրքիա խոստացաւ Լիպիոյ ըմբոստներուն օժանդակութեան 100 միլիոն տոլարի հիմնադրամ մը հիմնել։
Խորհրդաժողովի ընթացքին որոշուեցաւ յանձնախումբի յաջորդ ժողովը կատարել Թուրքիոյ մէջ։
Յայտնենք, թէ Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդին կողմէ արտածուած 1.2 միլիոն տակառ քարիւղը Չորեքշաբթի օր Հաուայ հասած էր: