ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Կայ ժամանակ դատ բանալու, եւ ժամանակ՝ համաձայնելու» վերտառութեամբ վերջերս գրած յօդուածիս մէջ ես յորդորեցի ամերիկահայ համայնքը համախմբուիլ եւ սկսիլ կեանքի կոչելու վաղուց սպասուած Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանն ու յուշահամալիրը, որ կը գտնուի Ուաշինկթըն, Սպիտակ տունէն երկու թաղամաս անդին:
Ես այդ առաջարկութիւնը ներկայացուցի այն բանէն ետք, երբ դաշնակցային դատաւորը վճիռ կայացուց, թէ «Քաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամը թանգարանի շէնքերու օրինական սեփականատէրն է: Բազմաթիւ ամերիկահայեր յոյս ունէին, որ դատարանին վճիռը վերջ պիտի դնէր արդէն քանի մը տարիէ ի վեր շարունակուող իրաւական քաշքշուկներուն, որոնց պատճառով ձգձգուեցաւ Ցեղասպանութեան թանգարանին ստեղծումը, եւ ծախսուեցաւ քանի մը միլիոն տոլար՝ փաստաբաններու համար:
Թէեւ հայկական համայնքէն շատերը ողջունեցին կոչս՝ ջանքերը համախմբելու եւ թանգարանը Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին կեանքի կոչելու մասին, այնուամենայնիւ, Հայկական Համագումարի առաջնորդները չհամաձայնեցան եւ որոշեցին բողոքարկել դատարանին վճիռը: Անշուշտ, Համագումարը իրաւունք ունի բողոքարկելու, սակայն ատիկա չի կրնար ըլլալ գործին ճիշդ ընթացքը: Դատավարութիւնը շարունակելն ալ աւելի կը ձգձգէ ԱՄՆի մայրաքաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի ստեղծումը եւ կը վնասէ ոչ միայն ամերիկահայ համայնքին, այլ նաեւ նոյնինքն Համագումարին շահերը:
Համագումարի անդամներն ու սատարողները պէտք է մտահոգէ իրենց կարգ մը առաջնորդներուն կողմէ դատական վէճը շարունակելու յամառութիւնը: Շատ աւելի նախընտրելի կ՛ըլլար, եթէ անոնք իրենց սահմանափակ միջոցները ուղղէին կազմակերպութեան ընկերային եւ քաղաքական գործունէութիւնը ընդլայնելու գործին, որ վերջին տարիներուն ընթացքին զգալիօրէն նուազած է, տնտեսութեան անկումին եւ Ուաշինկթընի, Լոս Անճելըսի ու Երեւանի մէջ իր գրասենեակներու աշխատակազմէն փորձառու անդամներու աշխատանքէ հեռացումին պատճառով: Կազմակերպութեան եկամուտը առաւել եւս նուազեցաւ՝ զրկուելով Համագումարի քանի մը նուիրատուներու աջակցութենէն, երբ Համագումարի առաջնորդներէն ոմանք ներգրաւուեցան վիճայարոյց Հայ-թրքական հաշտեցման յանձնաժողովին մէջ (ՀԹՀՀ): Համագումարը հաստատեց, որ ֆինանսական միջոցներու սակաւութեամբ պայմանաւորուած էր իր հեռացումը Միացեալ հայկական հիմնադրամէն, որ հանդիսանալով հայամերիկեան բարեգործական եւ կրօնական եօթը մեծագոյն կազմակերպութիւններու համախմբում՝ 1988 թուականի երկրաշարժէն ի վեր, Հայաստանին եւ Արցախին տրամադրած է աւելի քան 600 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն:
Նման պայմաններու լոյսին տակ, Համագումարի առաջնորդներուն համար կրնայ անարդիւնաւէտ ըլլալ քանի մը միլիոն տոլար եւս ծախսելը՝ վճիռը բողոքարկելու համար, յատկապէս, երբ դատաւորը վճռած է, որ անոնք իրենց իրաւաբանական սեփական ծախսերը վճարելէ բացի, պարտաւոր են փոխհատուցել նաեւ Ճերարտ Քաֆէսճեանի փաստաբանական ծախսերուն մէկ մասը, որ կրնայ զգալի գումար մը կազմել: Այս միջոցները կրնային առաւել արդիւնաւէտ կերպով օգտագործուիլ Ուաշինկթընի մէջ Համագումարին լոպիիստական գործունէութիւնը կրկնապատկելու կամ ֆինանսաւորելու համար այլ արժանի ծրագիրներ, ինչպիսին է Ցեղասպանութեան թանգարանը:
Համագումարին առաջնորդները նաեւ պէտք չէ իրենց ջանքերը վատնեն դատական գործը մամուլի միջոցով անգամ մը եւս դատելու ուղղութեամբ: Անցած շաբաթ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթը ստացաւ խմբագիրին ուղղուած նամակ մը՝ Հայկական Համագումարի հիմնական սատարողներէն բարերար զոյգի մը անունով: Անոնք իրենց անհամաձայնութիւնը կը յայտնէին «Կայ ժամանակ դատ բանալու, եւ ժամանակ՝ համաձայնելու» վերտառութեամբ յօդուածիս կապակցութեամբ: Հետաքրքրական է, որ այս նամակին որոշ տողերը կը նմանէին Համագումարին կողմէ մէկ շաբաթ առաջ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան: Իրականութեան մէջ, գրութիւնը նման էր փաստաբանի կողմէ կազմուած դատական գործի շարադրանքի մը, աւելի քան՝ ընթերցողի կարծիքը արտայայտող նամակի: Զարմանալիօրէն, այս նամակը ուղարկուած է ԱՄՆի եւ Գանատայի 10 հայկական թերթերու եւ կայքէջերու՝ խնդրելով զայն հրապարակել իբրեւ պատասխան իմ յօդուածիս, որ սակայն լոյս չէր տեսած այդ թերթերէն շատերուն մէջ:
Ես իսկապէս յոյս ունիմ, որ Համագումարի առաջնորդները ի զուր չեն վատներ իրենց ջանքերը՝ նամակագրական արշաւներ կազմակերպելով եւ ապարդիւն բանավէճերու մէջ մտնելով մամուլի անդամներուն հետ, քանի որ որեւէ իմաստ չկայ թերթերու միջոցով դատավարութիւնը դարձեալ կրկնելուն մէջ: Այս հարցը արդէն իսկ լուծուած է դատական կարգով, անկախ դաշնակցային դատաւորի կողմէ:
Այնուամենայնիւ, անցած շաբաթ, վէճերու եւ մեղադրանքներու տակ թաքնուած յոյսի նշոյլ մը յայտնուեցաւ: Հայկական Համագումարի նախագահ Հրայր Յովնանեանը, «Բաց նամակ»ով մը առաջարկեց, որ «կրնայ ըլլալ ինք կարենայ համոզել շահագրգիռ բոլոր կողմերը համաձայնելու բողոքարկում չներկայացնելու շուրջ», եթէ Քաֆէսճեան երաշխաւորէ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին ստեղծումը: Քանի որ Ժ. Քաֆէսճեան արդէն իսկ նման պատրաստակամութիւն յայտնած է դատարանին մէջ, ուստի ժամանակն է վար դնելու սուրերը եւ փորձելու մեր հիմնական խնդիրը իրականացնել՝ հիմնել համահայկական մարմին մը, որ պիտի ստեղծէ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը Ուաշինկթընի մէջ, մինչեւ 2015 թուականի Ապրիլ 24ը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ