ՖՐԵԶՆՕ.- Կիրակի, Մայիս 29ին, պատմական օր մը հանդիսացաւ Ֆրեզնոյի Չարլի Քէյեան համագաղութային վարժարանին եւ անոր շուրջ բոլորուած ծնողներուն ու պատասխանատուներուն համար, որոնք հաւաքուած էին վարժարանէն ներս՝ իրենց խորին շնորհակալութիւնը փոխանցելու մեկենասներուն, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ, սատար հանդիսացած էին դպրոցի վերելքին: Այս առիթով տեղի ունեցան նոր դասարաններու, գրադարանի եւ դպրոցի բակին մէջ պատուանդաններու վրայ բարձրացող դրօշակի երեք սիւներուն բացման հանդիսութիւնը եւ ապա՝ հիւրասիրութիւն:
«Յովհաննիսեան» սրահին մէջ, հանդիսութիւններուն ներկայ էին մեկենասները, հոգաբարձութեան անդամները, տնօրէնները, ուսուցչական կազմը եւ դպրոցին շուրջ բոլորուած ծնողներ ու բարեկամներ: Տէր Միւռոն վարդապետին աղօթքէն ետք խօսք առաւ հոգաբարձութեան ատենապետը՝ բժիշկ Վաչէ Վասիլեան: Ան իր ուրախութիւնը յայտնելէ ետք, շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան ջերմ խօսքեր փոխանցեց նաեւ մեկենասներուն եւ դպրոցին շուրջ բոլորուած ծնողներուն՝ բարձր գնահատելով անոնց արժանիքներն ու սէրը դպրոցին նկատմամբ: Ապա տեղի ունեցաւ դրօշակներու օրհնութեան արարողութիւնը եւ ներկաները ուղղուեցան դէպի դպրոցի մուտքը, ուր տեղի ունեցաւ դրօշակներու սիւներու բացումը, որուն շուրջ բոլորուած էին ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղի սկաուտ եւ գայլիկ եղբայրներն ու քոյրերը՝ բարեւի կեցած: Մեկենասները վեր բարձրացուցին Ամերիկայի, Քալիֆորնիոյ եւ Հայաստանի դրօշները, ընկերակցութեամբ դպրոցի նուագախումբին: Դրօշներու շուքին տակ, խօսք առաւ Արա Քերքեզեան՝ բացատրելով, թէ ի՞նչ պայմաններու մէջ եւ ինչպէ՞ս սկսաւ ու իրագործուեցաւ դպրոցի մուտքին այս դրօշներու զետեղումը:
Ներկայ բազմութիւնը, ընկերակցութեամբ մեկենասներուն, ուղղուեցաւ դէպի մանկապարտէզի նոր դասարանը, որ կոչուեցաւ «Կարապետեան հիմնարկ»ին անունով, ապա՝ «Միրիկեան» գրադարանը եւ «Կոլոզեան» նոր դասարանը. իւրաքանչիւրին դրան դիմաց զետեղուած ժապաւէնները մեկենասներու ձեռքով կտրուեցան՝ արժանանալով բուռն ծափահարութեանց: Այս առթիւ, իր սրտի խօսքը փոխանցեց ժրաջան տնօրէնուհի Սոֆի Մխիթարեանը: Դպրոցի Տիկնանց միութիւնը, կոկիկ հիւրասիրութեամբ մը պատուեց ներկաները, որոնք գովասանական արտայայտութիւններով խանդավառեցին դպրոցի պատասխանատուները:
Ստորեւ կը ներկայացնենք դպրոցի նոր հոգաբարձութեան կազմը՝ ընտրուած Մայիս 19ի ժողովին.
Բժիշկ Վաչէ Վասիլեան (ատենապետ), Ճերի Քոթունեան (փոխատենապետ), Վահագն Բզնունի (գանձապահ), Տայիան Մըսրլեան (ատենադպիր) եւ Րանտի Պալոյեան, Րապ Թըքոյեան, Սրբուհի Մըսրլեան, Սթիվըրտ Չենտլըր, Ալէն Եկմալեան (խորհրդականներ):