ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Բոլոր պատեհ առիթներով, այս սիւնակէն շեփորած ենք, թէ ՀՄԸՄը՝ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, աշխարհատարած միութիւն մըն է իր աւելի քան քսանհինգ շրջաններով, հարիւր մասնաճիւղերով եւ հազարաւոր մեծ ու փոքր անդամներով եւ մանաւանդ՝ անթիւ համակիրներով:
Նոյն այս միութիւնը սերունդներու հոգիներուն մէջ դրոշմուած միութիւն մըն է, որ կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդի գոյատեւման պայքարն ու ազգային նկարագիրը։ Այս բոլորին վրայ օրին նաեւ աւելցուցած ենք, որ ՀՄԸՄը նոյնպէս մարդուժ պատրաստող եւ սերունդներ դաստիարակող կառոյց մըն է, որ կը պահուի գերագոյն զոհողութեամբ, սիրով եւ յարգանքով: Որովհետեւ նոյն այս միութիւնն է, որ իր ծնունդէն ի վեր, իր ազգանուէր աշխատանքներով եւ հայանուէր ուղիով նպաստած է մեր ժողովուրդի գոյութիւնն ու կենսունակութիւնը ապահովող աշխատանքներուն ու ծրագրումներուն:
Շռայլանքի խօսքեր հրամցնելու փորձութենէն հեռու մնալով՝ բոլոր անոնք, որոնք ապրած կամ վայելած են այս մեծ ընտանիքի հովանին, անպայմանօրէն պիտի հաստատեն, թէ ան արդէն մեր ժողովուրդի ազգային գոյամարտի անբաժան մէկ մասնիկը դարձած է՝ պատրաստելով իրերայաջորդ հայ երկսեռ երիտասարդ սերունդներու հոգեկանն ու ազգային-բարոյական դիմագիծը: Անոր համար ալ միշտ շեշտած ենք, թէ իր գոյութիւնը հրամայական է Սփիւռքի եւ նոյնպէս հայրենիքի տարածքին՝ հաւասարապէս:
Բոլոր միութիւններուն նման, ՀՄԸՄն ալ հայ մարդու պատրաստութեան եւ դաստիարակութեան կողքին, միտքով եւ մարմինով հայ երիտասարդին մարզումին ու զարգացման առնթեր, գիտէ նաեւ արժեւորել իր բոլոր նուիրեալներուն խոնջէնքն ու քրտինքը:
Այլ խօսքով, բոլոր անոնք, որոնք եկած ու միացած էին այս մեծ միութեան կամաւոր բանակին, եւ որոնք տարիներով հոգածու վերաբերում ցուցաբերած էին, անոր ազգային կեանքի ծաղկումին ծառայած եւ նոյնիսկ ինքնութիւն ու դիմագիծ տուած, անոնք օր մը օրանց, առ ի երախտագիտութիւն՝ հրապարակային կերպով գնահատուած կամ մեծարուած են:
Անդրադառնալով ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի այս ափերու շրջանին՝ պարզենք, որ անցնող 35 տարիներու ընթացքին, այսինքն՝ ամէն տարի Նաւասարդեան խաղերու կազմակերպման նախօրեակին, շրջանային վարչութիւնը ՀՄԸՄական մը կ՛ընտրէ, կը զատէ իբրեւ «Տիպար» անդամ, զայն կը պատուէ ու այս ձեւով իր գնահատանքը կը բացայայտէ հրապարակային եւ նոյնքան ալ արդար: Որովհետեւ ՀՄԸՄը, իր անդամներուն միութենական կեանքի ու մթնոլորտի իւրօրինակ ճանաչողութիւնն ու հորիզոններու զարգացման միտող ամէն նախաձեռնութիւն՝ անպայման վարձատրած է: Նոյն այս անյետաձգելի հրամայականով թելադրուած այս տարի՝ Նաւասարդեանի 36րդ մարզախաղերուն առթիւ, գաղութիս ծանօթ դէմքերէն Ռուբէն Գիւրջեանը ընտրուած է իբրեւ 2011ի Տիպար ՀՄԸՄական:
Ո՞վ է սակայն Ռուբէն Գիւրջեա-նը: Զինք՝ մեր ընթերցողներուն ծանօթացնելու համար, դիմած ենք իրեն, որ ինքզինք համեստօրէն ներկայացնէ:
Ռուբէն Գիւրջեան ծնած է 1942ին, Պարսկաստանի Քերմանշահ քաղաքը: Վաղ տարիքին փոխադրուած է Թեհրան, ուր ուսած է տեղւոյն «Քուշէշ-Դաւթեան» Ազգային վարժարանին մէջ:
Տասը տարեկանին անդամակցած է Թեհրանի «Արարատ» մշակութային կազմակերպութեան՝ իբրեւ սկաուտ, ուր իր նուիրուած աշխատանքին բերումով, հասած է մինչեւ կազմակերպութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամի պաշտօնին:
Հոս ծանօթացած է իր ապագայ կեանքի ընկերոջը՝ Ծաղիկին, որուն հետ ամուսնացած է 24 տարեկանին ու բախտաւորուած երկու մանչ զաւակներով՝ Մհեր եւ Սեպուհ, որոնք ՀՄԸՄ Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան օրէն՝ անդամակցած են այդ մասնաճիւղին:
Մհերը այժմ ամուսնացած է ՀՄԸՄ Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղի անդամ Քաթրին Սարաֆեանի հետ ու բախտաւորուած է Աւետիսի ծնունդով:
Ռ. Գիւրջեան իր համալսարանական կրթութիւնը ստացած է նախ Սպահանի համալսարանէն, ուր յաջողութեամբ աւարտած է հայագիտական ճիւղը, ապա ուսումը շարունակած է Թեհրանի հաշուապահական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան մէջ, զոր աւարտած է յաջողութեամբ, ապա կատարած է իր զինուորական ծառայութիւնը իրանեան բանակի ուղղաթիռներու բաժանմունքին մէջ:
1974ին, Ռ. Գիւրջեան Թեհրանի «Արարատ» մշակութային կազմակերպութեան կողմէ մասնակցած է Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած՝ ՀՄԸՄը համագաղութային կառոյց վերածելու հիմնադիր ժողովին, որուն կը մասնակցէին աշխարհի չորս կողմերէն ժամանած ՀՄԸՄի միաւորներու ներկայացուցիչներ:
1977ին, Գիւրջեան հաստատուած է ԱՄՆ, Կլենտէյլ քաղաք, ուր 1978ի վերջերուն, ութ այլ սկաուտներու հետ միասնաբար հիմնած է ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղը: Ան վեց տարիներ եղած է մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետը, իսկ երեսուն տարի ետք՝ այսօր, տակաւին կարելի է զգալ անոր քարոզած կառուցողական ոգիին, փոխանցած յարգանքին ու մարզական վսեմ նկարագիրին արտացոլանքները:
Գիւրջեանի ատենապետութեան շրջանին կազմուեցան մարզական ու սկաուտական բազմաթիւ խումբեր, ու անոնց կողքին, հոգատար ծնողները աշխատեցան իբրեւ մասնաճիւղի նիւթականը ապահովող յանձնախումբեր: Եղբօր գործունէութեան աւարտին, մասնաճիւղի անդամներուն թիւը 9էն բարձրացաւ 1000ի: 1997ին, մասնաճիւղի վարչութիւնը, գնահատելով Գիւրջեանի անձնուէր գործունէութիւնը՝ զայն արժանացուց մասնաճիւղի «Երկրորդ Պատուոյ անդամ»ի կոչումին՝ Սեւակ Սագինեանէն ետք: Ան նաեւ չորս տարի անդամակցած է ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան:
Ռ. Գիւրջեան նաեւ ծառայած է մեր համայնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ՝ չորս տարի իբրեւ հոգաբարձու ու չորս տարի ալ իբրեւ երեսփոխան: Այժմ ան կը վայելէ իր կեանքը՝ ի տես իր սիրած կազմակերպութեան բարգաւաճման ու հոն տիրող ՀՄԸՄական ազնիւ հոգիին: