
ԼՈՆՏՈՆ, «Փանորամա».- Պատկերասփիւռի «Սի.Էն.Էն.» ընկերութիւնը ներկայացուցած է հարցազրոյց մը ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ: Հարցազրոյցին ընթացքին խօսելով Հայաստանի տնտեսութեան մասին՝ ՀՀ վարչապետը նշած է, որ անոր հիմնական խնդիրը զատորոշուած չըլլալն է:
«Մեր հակաճգնաժամային ծրագիրն ունի հիմնական երեք ուղղութիւն. տնտեսութեան զատորոշում, ենթակառուցուածքային բարեփոխումներ, գործարար միջավայրի բարելաւում», ըսած է վարչապետը եւ աւելցուցած, որ Հայաստանի մէջ ներդրում կատարող ներուժին մեծ մասը տակաւին Սփիւռքէն է:
Պատասխանելով ԼՂ խնդիրին վերաբերող հարցումի մը՝ վարչապետը ըսած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ունի քաղաքական կամք՝ սոյն հարցի լուծման ընդառաջ շարժելու համար, եւ կը մնայ սպասել, որ Ատրպէյճանը նոյնպէս քաղաքական կամք կարենայ դրսեւորել այս հարցին գծով:
Խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին՝ Տ. Սարգսեան նշած է, որ Հայաստան միշտ ալ յստակ դիրքորոշում ունեցած է սոյն հարցին կապակցութեամբ եւ պատրաստ է յարաբերութիւններու կարգաւորման երթալ՝ առանց նախապայմաններու, սակայն իրականութիւնը այն է, որ Թուրքիան տակաւին պատրաստ չէ անոր:
Վարչապետին խօսքերով, Թուրքիան պէտք է հետեւի միջազգային չափանիշներու եւ շարունակէ ժողովրդավարական բարեփոխումներ իրականացնել իր երկրին մէջ. միայն անկէ ետք հնարաւոր պիտի ըլլայ խօսիլ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու յառաջընթացին մասին: