
ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ.- Չորեքշաբթի, 15 Յունիսի առաւօտուն, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Ախալքալաքի մէջ հանդիպած է ջաւախքահայ քաղաքական գործիչ, այժմ անարդարօրէն բանտարկութեան դատապարտուած Վահագն Չախալեանի ծնողներուն:
«Երկիր» միութեան հրապարակած տեղեկագրութենէն կ՛իմանանք, որ վեհափառը Չախալեանի ծնողներուն յայտնած է, որ ինք տեղեակ է Վահագնի խնդիրին եւ արդէն իսկ ջաւախքահայ գործիչը ազատ արձակելու հարցը արծարծած է վրաց պատրիարք Իլիա Բ.ի հետ ունեցած իր զրոյցներու ընթացքին:
17 Յուլիսին կը լրանայ Վահագն Չախալեանի բանտարկութեան երրորդ տարին: æաւախքահայ գործիչը, խայտառակ օրինախախտումներով ուղեկցուող դատավարութեան իբրեւ արդիւնք, վրացական իշխանութիւններուն կողմէ դատապարտուած է տասը տարուան բանտարկութեան:
Ամենայն հայոց կաթողիկոսի Ջաւախք այցի նախօրէին՝ աւելի քան 1200 ջաւախքահայեր հանրագիրի միջոցով դիմած էին վեհափառին՝ Վահագն Չախալեանի խնդիրը վրաց հոգեւոր եւ աշխարհիկ իշխանութիւններուն առջեւ բարձրացնելու խնդրանքով: