
Այս տարի եւս, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի «æաւախք» յանձնախումբը նախաձեռնած է æաւախքի ի նպաստ դրամահաւաքի՝ յատուկ գանձանակներ զետեղելով հայկական վարժարաններու մէջ, առիթ ընծայելով աշակերտներուն, որ գործնական մասնակցութիւն բերեն æաւախքի օժանդակութիւն հասցնելու աշխատանքներուն:
Ցարդ, «Ալէք Փիլիպոս»ի, «Ֆերահեան»ի, «Թիւֆէնքեան»ի, «Թաւլեան»ի, «Արի Կիրակոս»ի, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի «Մայր», «Թալին» ու «Սեւան» շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտները այս միջոցաւ նուիրած են 12,000 տոլար: