ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նոր բանաձեւ մը կը ներկայացուի Ներկայացուցիչներու տան, այս շաբաթ:
Առաջին հարցումը այն է, թէ ինչո՞ւ երրորդ անգամն ըլլալով Քոնկրեսէն կը խնդրուի ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Յայտնի է, որ Ներկայացուցիչներու տունը արդէն երկու անգամ ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւներ՝ 1975ին եւ 1984ին: Հայերուն ի՞նչ օգուտ կու տայ բանաձեւին երրորդ անգամ ընդունուիլը: Եւ եթէ անիկա ընդունուի այս տարի, արդեօ՞ք յաջորդ տարի անիկա չորրորդ անգամ ընդունուելու մէկ այլ փորձ մը կը կատարուի:
Ոմանք կրնան թիւր տպաւորութիւն ունենալ, թէ նման բանաձեւներ կ՛օգնեն հայերուն Թուրքիայէն ետ ստանալու իրենց բռնագրաւուած հողերն ու գողցուած ունեցուածքը: Ասիկա պարզապէս չի համապատասխաներ իրականութեան: Յիշատակուած բանաձեւները կ՛արտայայտեն Քոնկրեսին «կարծիքը», եւ օրէնքի ուժ չունին: Աւելին, եթէ այս բանաձեւները ունենային որեւէ իրական օգուտ, ապա հայերը անոնցմէ կ՛օգտուէին տասնամեակներէ ի վեր, անոնց ընդունման պահէն:
Դրական տեսանկիւնէ՝ այս բանաձեւներուն ընդունումը ունի բարոյական, հոգեբանական եւ քաղաքական կողմեր: Բարոյականութիւնը կը թելադրէ, որ ամբողջ ազգի մը զանգուածային սպանութիւնը պէտք չէ մոռցուի կամ անտեսուի: Այնուամենայնիւ, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան շարունակական ժխտումն է, որ կը ստիպէ հայերուն ամէն տարի նման բանաձեւներ ներկայացնել Քոնկրեսին: Ցաւօք, ԱՄՆի յաջորդական վարչակազմերը նոյնպէս իրենց մեղքի բաժինը ունին այս ստոր գործին մէջ՝ օգնելով ու սատարելով թուրք ժխտողներուն, եւ անբարոյական բառախաղեր խաղալով 1.5 միլիոն անմեղ մարդկանց, կանանց եւ երեխաներու բնաջնջման կապակցութեամբ:
Նման բանաձեւի ընդունման հոգեբանական արժէքը այն է, որ Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգները բաւարարուածութիւն պիտի ստանան, երբ իրենց կորուստն ու ցաւը ընդունուի աշխարհի ժողովրդավարական ամենամեծ երկրի օրէնսդիրին կողմէ:
Քաղաքական աղմուկը, որ կը բարձրանայ ամէն անգամ, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ կը ներկայացուի Քոնկրես, պայմանաւորուած է Թուրքիոյ կառավարութեան գայթակղիչ վարքագիծով: Ամէն տարի ԱՄՆի Քոնկրեսը կ՛ընդունի նման բանաձեւներ տասնեակ հարցերու շուրջ, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը թերթերու քննարկման առարկայ կը դառնայ: Թուրքիոյ առաջնորդները կը ստեղծեն նման խառնաշփոթ իրավիճակ մը՝ սպառնալիքներ ներկայացնելով Միացեալ Նահանգներուն, Ուաշինկթըն ուղարկելով բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ, վարձելով լոպիիստական հզօր ընկերութիւններ եւ ծախսելով քաղաքական թանկարժէք դրամագլուխ, եւ իբրեւ արդիւնք, վերջաւորութեան միլիոնաւոր մարդիկ իրազեկ կը դառնան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Թէեւ Թուրքիոյ նպատակն է քօղարկել գրեթէ մէկ դար առաջ տեղի ունեցած հայերու զանգուածային սպանութիւնը, այնուամենայնիւ, իրենց կատաղի արձագանգին հետեւանքով, անմտօրէն ամբողջ աշխարհին կը բացայայտեն իրենց նախահայրերուն կողմէ կատարուած ստոր ոճրագործութեան մասին:
Յուսանք, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը անգամ մը եւս կը կիրառէ իրեն բնորոշ «կռուարար» մարտավարութիւնը՝ անով իսկ հրաւիրելով միջազգային համայնքին ուշադրութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին վրայ: Նոր ներկայացուած բանաձեւը կրնայ միայն օգտուիլ թրքական նման քարոզարշաւէ, քանի որ Հանրապետականներով ղեկավարուած Ներկայացուցիչներու տունը, հաւանաբար, պիտի չանդրադառնայ անոր մօտ ապագային, երբ նոյնիսկ հայասէր Դեմոկրատականները բանաձեւը քուէարկութեան չդրին անցած տարուան վերջաւորութեան, երբ անոնք մեծամասնութիւն կը կազմէին:
Անշուշտ, Թուրքիոյ պաշտօնեաները կրնան նոյնիսկ աւելի օգտակար ըլլալ, եթէ չակնկալուած ճգնաժամային իրավիճակներ ստեղծեն Միացեալ Նահանգներու հետ, ինչ որ պիտի ստիպէ Դեմոկրատներու վարչակազմին եւ Քոնկրեսի Հանրապետական ղեկավարութեան, որ սատար կանգնին Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին: Մինչ այդ, ամերիկահայ համայնքը այս հարցը վառ պիտի պահէ եւ պատրաստ պիտի ըլլայ ա՛լ աւելի աշխոյժ կերպով արծարծելու զայն, որեւէ պատեհ պահու, ստիպելով Թուրքիոյ կառավարութեան միլիոնաւոր տոլարներ ծախսել լոպիիստական շարունակական ջանքերուն դիմաց:
Նման հնարաւորութիւն կրնայ ընձեռնուիլ այս ամսուն վերջաւորութեան, Թուրքիոյ «մարդասիրական» երկրորդ նաւախումբին եւ Իսրայէլի ռազմական նաւատորմին միջեւ արիւնալի հնարաւոր առճակատման մը հետեւանքով, որ կրնայ զայրացնել Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլի ղեկավարները՝ ստիպելով անոնց քուէարկութեան դնել Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւները իրենց երկիրներու օրէնսդիր համապատասխան մարմիններու մէջ: Հայերը կը վրդովին՝ տեսնելով որ Ցեղասպանութեան հարցը կը շահագործուի իբրեւ քաղաքական ֆութպոլ, սակայն անոնք չունին մեծ ընտրութիւն, քանի որ անոնք նոյնքան վիրաւորուած էին, երբ բանաձեւը չէր ընդունուեր ամբողջովին անհիմն պատճառներով:
Առաջ անցնելով Ցեղասպանութեան հարցէն՝ այս տարի ամերիկահայերը կրնան Քոնկրեսին ներկայացնել այլ բանաձեւեր՝ Հայ-թրքական յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ.
– Ստիպել Թուրքիային վերադարձնել իւրացուած հայկական եկեղեցիները Պոլսոյ հայկական պատրիարքարանին, արտօնելով, որ անոնք գործեն իբրեւ եկեղեցիներ, եւ ոչ թէ՝ թանգարաններ, մզկիթներ կամ տեսարժան վայրեր.
– Յարգանքի տուրք մատուցել իրաւագէտ Ռաֆայէլ Լեմքինի, որ յօրինեց «ցեղասպանութիւն» եզրը՝ ազդուած ըլլալով 1915 թուականի հայերու զանգուածային սպանութենէն.
– Խրախուսել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի շրջափակման վերացումը.
– Սատարել Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը՝ Թուրքիա ապրող բոլոր փոքրամասնութիւններուն (ալեւիներ, հայեր, ասորիներ, յոյներ, հրեաներ եւ քիւրտեր):
Յառաջիկայ Քոնկրեսի եւ նախագահական ընտրութիւններու շեմին, ինչպէս նաեւ Արեւելեան միջերկրածովեան տարածաշրջանին մէջ անսպասելի զարգացումներուն հետեւանքով, մենք կրնանք բախում ունենալ ծանրաբեռնուած եւ քաոսային քաղաքական ժամանակաշրջանի հետ: Կարեւոր է, որ ամերիկահայերն ու իրենց աջակիցները մնան լաւապէս տեղեակ, աշխոյժ եւ պատրաստ՝ պաշտպանելու հայկական շահերը: