ՓԱՐԻԶ.- Յունիս 15-24ի ընթացքին, Փարիզի ԵՈՒՆԵՍՔՕի կեդրոնակայանին մէջ կը կայանայ «Խաչքարի արուեստ՝ հայկական սուրբ քարեր» խորագիրով ցուցահանդէսը, որ կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի մշակութային հարուստ ժառանգութեան դրսեւորման անկիւնաքարերէն մէկը՝ խաչքարի մշակոյթը: Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է Յունիս 15ին:
Ցուցահանդէսը կազմակերպած են Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Ֆրանսայի մօտ ՀՀ դեսպանութիւնը՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի հետ համագործակցութեամբ, «Խաչքարի արուեստ. խաչքարի խորհուրդն ու խաչքարագործութիւնը» ազգային արժէքը ԵՈՒՆԵՍՔՕի Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկերուն մէջ արձանագրելու ծիրէն ներս:
Ցուցադրութեան մէջ ներառուած են տարբեր ժամանակներու եւ պատմական Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ կերտուած լաւագոյն խաչքարերու շուրջ 60 լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ խաչքարային մշակոյթի տարածման տարածքները ընդգրկող քարտէս ու խաչքարի մշակոյթը լուսաբանող գիտական բացատրագիրներ:
Այցելուներու համար հրատարակուած է նաեւ ցուցահանդէսի «պրոշիւր»ը՝ անգլերէնով եւ ֆրանսերէնով:
Հայաստանի մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արեւ Սամուէլեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ, Փարիզ մեկնած են Սերգէյ Փարաջանովի տուն-թանգարանի տնօրէն Զաւէն Սարգսեան, ԵՊՀ մշակութաբանութեան ամպիոնի վարիչ Լեւոն Չուգասզեան, նախարարութեան աշխատակազմի մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արհեստներու վարչութեան գլխաւոր մասնագէտ Երանուհի Մարգարեան եւ արուեստի պատմութեան դոկտ. Փաթրիք Տօնապետեան:
Ցուցահանդէսի ընթացքին, նկարիչ-քանդակագործ Ռոբերտ Մինասեան, քարի վրայ աշխատելով՝ այցելուներուն կը ներկայացնէ խաչքարի կերտման վարպետութիւնը, անգամ մը եւս փաստելով հայկական ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան մաս՝ խաչքարագործութեան կենդանի եւ կենսունակ ըլլալու հանգամանքը:
Այդ օրերուն, Փարիզի ԵՈՒՆԵՍՔՕի կեդրոնակայանին մէջ նաեւ պիտի ընթանան ԵՈՒՆԵՍՔՕի «Մշակոյթի եւ բնութեան համաշխարհային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» համաձայնագիրի եւ «Մշակութային ինքնաարտայայտումներու բազմազանութեան պաշտպանութեան ու խրախուսման մասին» համաձայնագիրի նստաշրջանները, որոնց պիտի մասնակցին ԵՈՒՆԵՍՔՕին անդամակցող աւելի քան 100 պետութիւններու ներկայացուցիչներ:
Նստաշրջաններուն Հայաստանը պիտի ներկայացնեն մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արեւ Սամուէլեանը եւ Պատմամշակութային արգելոց թանգարանների եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութեան տնօրէնի տեղակալ Արտաշէս Առաքելեան: