
Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Եոաննիս Քասուլիտիս քննադատած է Ատրպէյճանի նախագահին ռազմատենչ յայտարարութիւնները Եւրոխորհրդարանի միջազգային գործերով յանձնաժողովին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով լսումներուն ընթացքին:
«Սահմանի վրայ նման հռետորաբանութիւն, լարուածութիւն եւ միջադէպեր կրնան իրավիճակը դուրս բերել վերահսկողութենէ, ինչպէս եղած է Վրաստանի մէջ 2008ին», ըսած է Քասուլիտիս, որ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան փոխնախագահն է:
«Այդ ընթացքին, երբ Մատրիտեան սկզբունքները կոչ կ՛ուղղեն վերջնական իրաւական կարգավիճակը յստակացնելու՝ պարտադիր կամարտայայտման միջոցով, պարոն Ալիեւ կը փորձէ նախապայմաններ պարտադրել՝ յայտարարելով, թէ Լեռնային Ղարաբաղը այլ կարգավիճակ չ՛ունենար, բացի Ատրպէյճանի կազմի «ինքնավարութենէն»», ըսած է ան:
Պատգամաւորը նշած է նաեւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները պէտք է ստանան ժողովուրդին աջակցութիւնը՝ համաձայնութեան հասնելու համար: Իսկ Հայաստանի համար անհրաժեշտ է նաեւ Ստեփանակերտի աջակցութիւնը: