
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ, անցեալ տարուան համեմատ, նուազած է անչափահասներու կատարած յանցագործութիւններուն ընդհանուր թիւը: Վերջին հինգ ամիսներու տուեալներով, նման յանցագործութիւններուն թիւը 32ով նուազած է (169 դէպք՝ 201ի փոխարէն): Նուազած են մարմնական վնասուածքի, սպանութեան ու գողութեան դէպքերը, սակայն աճ արձանագրուած է թմրանիւթերու օգտագործման դէպքերուն գծով:
Այս մասին, Հինգշաբթի, Յունիս 16ին, «Հայելի» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներուն բացատրութիւններ փոխանցեցին Ոստիկանութեան քրէական հետախուզութեան անչափահասներու գործերով բաժինի պետ, գնդապետ Նելլի Դուրեան եւ Քրէական հետախուզութեան գլխաւոր վարչութեան պետի տեղակալ Արմէն Վաթեան: