
24 Ապրիլին, Սան Ֆրանսիսքոյի հայութիւնը միասնաբար ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակը՝ ներկայութեամբ քաղաքական պաշտօնատարներու եւ համակիրներու։
Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետ Տենիըլ Լուրի դրուատեց հայութեան վերականգնելու ուժը եւ անոր բերած յատկանշական ներդրումը քաղաքին եւ նահանգին բարգաւաճման։ Ան նաեւ քաղաքին կողմէ յանձնեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտումի հռչակագիր մը ։


ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արմէն Յովհաննէսեան խօսեցաւ հայութեան վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան ձգած ազդեցութեան մասին՝ շեշտելով յիշելու եւ արդարութիւն պահանջելու կարեւորութիւնը։ Ան աւելցուց, որ Ցեղասպանութեան ոճիրը կարելի չէ ներել, մինչեւ այն ատեն, որ Անգարա կ՛ուրանայ զայն։
Տպաւորիչ ելոյթներ ունեցան նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Սքաթ Ուինըր եւ Սան Ֆրանսիսքոյի ընդհանուր դատախազ Տէյվիտ Չիու։


Իր կարգին, Սան Ֆրանսիսքոյի ՀԵԴի ուխտի անդամ Արմէն Տէմիրճեան արտայայտուեցաւ հայութեան դիմադրողական ոգիին մասին՝ շեշտելով, որ Սփիւռքը այդ ոգիին ֆիզիքական ներկայացումը կը հանդիսանայ։
Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, իսկ դրօշակի արարողութիւնը կատարուեցաւ ՀՄԸՄի սկաուտներուն կողմէ։
