Գերսամ Ահարոնեանի մահուան 30րդ տարելիցին առթիւ, Յունիս 7ի երեկոյեան, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ, հովանաւորութեամբ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան ԱՄՆի շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՌԱԿ «Գերսամ Ահարոնեան» ակումբին, տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին խօսք առին Սարգիս Մինասեան եւ Պարոյր Աղպաշեան (Լիբանանէն): Յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը ներկայացուց սոյն հանդիսութեան, կատարեց փակման խօսքը եւ հանգուցեալի հոգիին համար «Հոգւոց» աղօթքը արտասանեց: