
ՍԹՈՒՏԻՕ ՍԻԹԻ.- «Եունիվըրսըլ Շերըթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած ընթրիքի մը ընթացքին, Մայիս 12ին, Երեխաներու պատուաստումի համաշխարհային հիմնադրամին կողմէ մեծարուածներու շարքին էր վիրաբոյժ բժիշկ Վարդգէս Նաճարեան, որ մարդասիրական կարեւոր աշխատանք տարած է Հայաստանի մէջ:
Նոյն օրը, մեծարուեցաւ նաեւ հիմնադրամի՝ Հայաստանի գրասենակին վարիչ Մարիա Եկանեանը: