
Թեքսասի «A&M» համալսարանի դասախօսներէն դոկտ. Տեն Մելքոնեան Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարարութեան ուսումնասիրական մրցանակներէն մէկուն աժանացած է, հիւլէական բնագիտութեան մարզին մէջ իր առաջադրած մէկ ուսումնասիրութիւնը իրականացնելու նպատակով:
Մելքոնեան մաս կը կազմէ համալսարանի «Սիքլոթրոն» հիմնարկին եւ այդ համալսարանէն միակն է, որ արժանացած է այս մրցանակին: Միացեալ Նահանգներու տարածքին 67 ուսումնասիրողներ ստացած են այս մրցանակը, որ հինգ տարիներու ընթացքին 750,000 տոլար կը տրամադրէ ուսումնասիրութեանց իրականացման համար: