Կրթական տարեշրջանի սեմին, թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ընկերակցութեամբ առաջնորդարանի երիտասարդաց վարիչ Աւետիս քհնյ. Աբովեանի, Երկուշաբթի, Յունիս 6էն 10ի միջեւ այցելեց հետեւեալ հայկական վարժարանները՝ Փասատինայի ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարան, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ Ալֆրէտ եւ Մարկարիթ Յովսէփեան վարժարան, Քանոկա Փարքի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարան եւ Պըպրենքի «Փոքրիկ Հրեշտակներ» դպրոցը:
Սրբազանը հանդիպում ունեցաւ աշակերտութեան հետ եւ անոնց խօսեցաւ Տասնաբանեայ պատուիրաններու մասին՝ ծանրանալով յատկապէս «Պատուէ հայրդ ու մայրդ» պատուիրանին վրայ: Ապա անոնք այցելեցին դասարաններ, ուր տէր հայրը աշակերտներուն խօսեցաւ «Հայ քրիստոնեայ երիտասարդաց առաքելութիւն դէպի Հայաստան» ծրագիրին մասին եւ յայտնեց, թէ Յունիս 29ին, 22 երիտասարդներ մէկ ամիսով պիտի այցելեն Հայաստան: Ան քաջալերեց զիրենք, որ ապագային իրենք եւս մասնակցին այս օգտակար եւ հայրենանուէր առաքելութեան: Սրբազան հայրը իր յորդորներէն եւ քաջալերական խօսքէն ետք կատարեց օրհնութեան աղօթքը:
Նաեւ, Յունիս 7ին, առաջնորդարան այցելեցին ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի ծնողաուսուցչակամ մարմինի անդամները եւ հանդիպում ունեցան սրբազան հօր հետ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ առաջնորդարանի քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Մաշտոց Չօպանեան: Սրբազանը անդրադարձաւ դպրոցներ այցելելու անհրաժեշտութեան, եւ առիթ տուաւ ներկաներուն՝ իբրեւ ծնողներ, առաջարկելու իրենց զաւակները յուզող նիւթեր յառաջիկայ տարեշրջանին համար, որպէսզի իւրաքանչիւր հանդիպման ընթացքին այդ նիւթերը քննարկուին աշակերտութեան հետ: