
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Մայիս 1ին, Սան Ֆրանսիսքոյէն հարաւ գտնուող Քուփերթինօ քաղաքին Ս. Էնտրու եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Հայկական Ցեղասպանութեան ուսուցման համար աշխատանք տանող Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրին մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին ծրագիրի վարիչ Ռաֆֆի Մոմճեան ու վարչութեան անդամ Ռաքսեն Մաքասճեան:
Անոնք խօսեցան ծրագիրի նպատակներուն եւ ամէնօրեայ աշխատանքին մասին, շեշտելով, թէ ծրագիրին նպատակն է՝ Միացեալ Նահանգներու պետական վարժարաններու իւրաքանչիւր աշակերտի ծանօթացնել Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ անոր տեղը՝ մարդկութեան պատմութեան մէջ: Այս նպատակին հասնելու համար արդէն իսկ պատրաստուած են ու մեծ թիւով ուսուցիչներու տրամադրուած են դասանիւթեր եւ դասաւանդութեանց նպաստող համացանցային կայքէջեր:
Նաեւ, Սան Ֆրանսիսքոյի «Գռուզեան-Զագարեան-Վասպուրական» վարժարանի տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեանի հրաւէրով, վարժարանին Է. եւ Ը. կարգի աշակերտներուն ծրագիրին մասին տեղեկութիւններ փոխանցած է վարչութեան անդամ Ռաքսեն Մաքասճեան, Մայիս 26ին վարժարան կատարուած այցելութեան մը ընթացքին: Մաքասճեան շեշտած է, թէ իւրաքանչիւր աշակերտ, երբ սկսի երկրորդական վարժարան յաճախելու, պարտականութիւնը ունի իր նոր դպրոցին մէջ շեշտելու, թէ Ցեղասպանութեան դասաւանդումը յոյժ կարեւոր է: Ան նաեւ աշակերտներուն բացատրութիւններ տուաւ ծրագիրի համացանցային կայքի օգտագործման մասին:
Տնօրէնուհի Անտոնեան ողջունեց այն իրողութիւնը, որ աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւած են ներկայացման ու մասնակցած են քննարկումին, վստահեցնելով, թէ անոնք «գաղութին լաւ դեսպանները պիտի ըլլան իրենց յաջորդ վարժարանին մէջ»:
Միւս կողմէ, Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրին համար նիւթական մնայուն եկամուտ մը ապահովելու նպատակով, հերթական նուիրատուներ անդամագրելու աշխատանք կը տարուի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի համայնքի ղեկավարներէն Զարեհ Սամուրքաշեան, Ժիրայր Սարգիսեան ու Էտուըրտ Մսըրլեան արդէն իսկ խոստացած են կանոնաւոր կերպով նպաստել այս աշխատանքին՝ միաժամանակ կոչ ընելով ամերիկահայութեան, որ նեցուկ կանգնի այս կենսական աշխատանքին: