
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Շաբաթ, Յունիս 25ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս (900 West Lincoln Avenue, Montebello, CA 90640) տեղի պիտի ունենայ քաղաքի հայկական տարեկան չորրորդ փառատօնը, ուր հայկական տաղանդը, մշակոյթը, երաժշտութեան ձայնը, ուտեստեղէններն ու խորովածի բուրմունքը տիրապետող պիտի ըլլան: Այս տարուան փառատօնին համար ծրագրուած են շարք մը նորութիւններ: Փառատօնը պիտի սկսի կէսօրուան ժամը 12ին ու պիտի շարունակուի մինչեւ գիշերուան ժամը 10:
Ամբողջ օրուան ընթացքին հայկական պարախումբեր ելոյթներ պիտի ունենան ու ներկաները առիթ պիտի ունենան պարի դասերու մասնակցելու: Ներկաները պիտի խանդավառեն Հօշարեան եղբայրներու նուագախումբն ու Ճան Պիլեզիքճեանը, ինչպէս նաեւ այլ արուեստագէտներ: Երեխաները եւս պիտի կարենան հաճելի պահեր վայելել իրենց համար պատրաստուած յատուկ խաղավայրի մը մէջ:
Ինչպէս ամէն տարի, հոն պիտի ըլլան նաեւ հայկական զանազան ճաշեր եւ ապրանքներ ծախող կրպակներ:
2011ի Մոնթեպելլոյի Հայկական փառատօնի գլխաւոր հովանաւորներն են՝ համայնքի երկարամեայ անդամներէն ու անոր նախաձեռնութեանց նեցուկ կանգնողներէն տէր եւ տիկին Ճօ եւ Նուէր Սամուէլեաններն ու իրենց ընտանիքը՝ յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով: Այլ հովանաւորներու շարքին են՝ Զապէլ Իքնատոսեան եւ ընտանիքը, նաեւ Փուչիկեան ընտանիքը:
Մուտքի սակը 2 տոլար է չափահասներու համար, իսկ 12 տարեկանէն վար փոքր երեխաներուն մուտքը ձրի է: Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ հովանաւորութեան կարելիութեանց համար, այցելել համացանցային
www.armenianfoodfair.com կայքը կամ հեռաձայնել (323) 715-0098 թիւին: