
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Լոս Անճելըս Մեկըզին» թերթի Յունիսի թիւին մէջ լոյս տեսած շրջանի լաւագոյն իրաւաբաններու շարքին է իրաւաբան Մերի Տէր Բարսեղեանը, որ դասուած է «Բարձրացող աստղեր» ցուցակին մէջ:
«Գեր իրաւաբաններ» ընդհանուր դասաւորման մաս կազմող սոյն ցուցակին մէջ կ՛ընգրկուին այլ իրաւաբաններու կողմէ թեկնածու նկատուած իրաւաբաններ: