
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Շուէտական Ուփսալա քաղաքին մէջ, Յունիս 14ին տեղի ունեցած աճուրդին ընթացքին, 1.2 միլիոն տոլարով վաճառուած է աշխարհահռչակ հայ նկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի մէկ գործը:
Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»ին, «Մարտ՝ յանուն Պոմարսունտի» կոչուող նկարը, որ կը գտնուէր հին իրերով լեցուած արկղի մը մէջ, թուագրուած է 1858: Նկարը գտնուած է Սթոքհոլմի «Մեթրոփոլ» աճուրդային կազմակերպութեան մօտ: