(ՀՄԸՄի Ռազմավարական Ծրագրին Ներշնչումով)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Փաստ է, որ տարիներէ ի վեր հայ քաղաքական միտքը իր օրակարգի հրատապ հարցերու շարքին կը պահէ նոր սերունդի ներգրաւումն ու աշխուժացումը։ Կը փնտռուին ուղիներ՝ նոր սերունդը դուրս բերելու համար իր

ինքնամփոփ եւ ինքնակեդրոն, անտարբեր կամ գործնապաշտ մտածելակերպէն, որպէսզի աւելի յանձնառու, կազմակերպուած եւ հետեւողական մասնակցութիւն բերէ հայ ժողովուրդի եւ վերանկախացեալ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու յաղթահարումին։
Որոշ առիթներով եւ որոշ պարագաներու, կարծէք թէ բան մը կը սկսի շարժիլ։ Նորահաս սերունդը հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ եւ երբեմն աշխոյժ մասնակցութիւն ալ կը բերէ։
Բայց յայտնապէս սայլը չի շարժեր իր տեղէն։
Դեռ չունինք այն սերունդը, որ մեր կեանքին եւ մեր կտրած ուղիին մասին իր ուրոյն գնահատումը ունի, մեր ձեռքբերումներն ու վրէպները ընդհանուր հաշուեկշռի բերելու օրակարգ ունի, նիշ կու տայ անցեալին մասին եւ գալիքի հաշւոյն ընելիք կը ճշդէ։
Կան անշուշտ երիտասարդներ, Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, որոնք ձայն կը բարձրացնեն եւ մեր ըրածին ու չըրածին մասին լսելի կը դարձնեն իրենց տեսակէտը։
Բայց դեռ չ՛երեւիր Սերունդը, այն՝ որ ազգովին մեզ նոր երթի մղելու ինքնավստահութեամբ հանդէս կու գայ եւ, հաւաքական ու կազմակերպ ուժի վերածուելու ուժականութեամբ, շարժում կ՛առաջացնէ մեր մէջ եւ շուրջ։
Նոյնն է պարագան այսպէս կոչուած նորաստեղծ Սփիւռքին։
Տարիներէ ի վեր հայ քաղաքական միտքը պարբերաբար ահազանգ կը հնչեցնէ, որ նորաստեղծ Սփիւռքը ո՛չ կը մօտենայ կազմակերպուած աւանդական Սփիւռքին՝ համարկուելու մղումով, ոչ ալ անկէ անկախ կազմակերպուելու հաստատակամութիւն ցոյց կու տայ։
Հետեւանքը արագընթաց օտարացման եւ ձուլման վտանգն է, որուն ենթակայ են նորաստեղծ Սփիւռքի մանկահասակները, որոնք ոչ առկայ հայկական դպրոցները կը յաճախեն, ոչ ալ իրենց պայմաններուն համապատասխան հայապահպանման զէնքերով կը պաշտպանուին։
Նորաստեղծ Սփիւռքը հասկնալու, անոր մօտենալու եւ վստահութիւն ներշնչելու, բայց մանաւանդ ինքնակազմակերպման ուղղութեամբ շարժում առաջացնելու ճակատին վրայ, փաստօրէն, տարիներէ ի վեր քարոզչական եւ գործնական ճիգեր կը թափուին։ Երբեմն որոշ գաղութներու մէջ երեւան կու գան նախաձեռնութիւններ, որոնք պահ մը կ՛առաջացնեն սայլը տեղէն շարժած տեսնելու խանդավառութիւնը։
Բայց միայն այդքան։
Ինչո՞ւ։ Ի՞նչ է ելքը։
Պատասխանէն աւելի կարեւոր է հարցադրումին արծարծումն ու պահպանումը հայ քաղաքական մտքի օրակարգին վրայ, առաջնահերթութեա՛նց շարքին։
Պատրաստի պատասխաններ չկան, չեն կրնար ըլլալ, որովհետեւ մեծ անծանօթներ յստակացումի կը կարօտին զոյգ մարտահրաւէրներու պարագային ալ։
Եթէ քայլ կը պահենք մեր դարուն հետ, արդէն ժամանակն է անդրադառնալու, որ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող նման մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ու լուծման համար՝ անհրաժեշտ պայման է բազմաձայն եւ բազմամակարդակ քննարկումներու կազմակերպումը։
Աւելի՛ն. ինչպէս որ ՀՄԸՄի ռազմավարական ծրագրումի նախաձեռնութիւնը եկաւ ընդհանրապէս շեշտելու, ազգային ինքնակազմակերպման ծառայող բոլոր կառոյցներու վերանորոգման ու վերաշխուժացման համար, անխուսափելի պայման է իւրաքանչիւր կազմակերպ միաւորի արժէքային համակարգի եւ կառուցային զինանոցի անկաշկանդ վերանայումը։ Վերանայում՝ նաեւ հաւաքական մտածողութիւն խթանելու առաջադրանքով, անվիճելի կարծուած դեղամիջոցներ վերաքննելու նպատակով, որովհետեւ մեր առջեւ դրուած են համազգային կարեւորութեամբ խնդիրներ, որոնք կը յատկանշուին բազմազան անյայտներով, ինչ որ անհրաժեշտ կը դարձնէ անկաշկանդ վիճարկումը։
Պատասխաններ գտնելու համար իսկ, առաջնահերթաբար պէտք ունինք քննարկման եւ վիճարկման այնպիսի աշխատակարգերու, որոնք ի վիճակի են ուղղակիօրէն նորահաս սերունդին եւ նորաստեղծ Սփիւռքին հասնելու, զանոնք մասնակցութեան մղելու եւ անոնց հաւաքական ճիգով պատասխաններ փնտռելու եւ գտնելու։
Նոյնինքն ներգրաւման առաջադրանքը խորթութիւն առաջացնող տպաւորութիւն կրնայ գործել, հակառակ անոր որ նորահաս սերունդի եւ նորաստեղծ Սփիւռքի ազգային ինքնակազմակերպումն ու յանձնառու մասնակցութեան ապահովումը համազգային հրամայական դարձած են։
Ոլորապտոյտէն դուրս գալու պահանջը հասունցած է։
Նորահաս սերունդին եւ նորաստեղծ Սփիւռքին պէտք է կարենանք ներշնչել այն վստահութիւնը, որ բոլորս միեւնոյն աւազանին մէջ ենք եւ կենսական կարիքը ունինք երկխօսութեան։
Ամբողջ սերունդներ իրենց առաւելագոյնն ու երբեմն նաեւ գերագոյնը նուիրաբերեցին, այսօր եւս կը շարունակեն կանգուն մնալ ծառայութեան բոլոր ճակատներուն վրայ, որպէսզի Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը հասնին այսօրուան՝ քսան տարուան անկախութեան պայմաններուն մէջ Հայաստանի ազգային պետականութեան կայացման եւ հզօրացման։
Որպէսզի նոր ու բախտորոշ խմորումներէ անցնող Սփիւռքը իր վաղուան ուղին գծէ՝ համազգային մեծ ռազմավարութեան մշակման հունին մէջ, որովհետեւ դեռ ճամբայ ունինք մեր առջեւ, որպէսզի հասնինք մեր ամբողջական տեսլականներու իրականացումին։
Հայ քաղաքական միտքը, ռազմավարական այս հրամայականին լոյսին տակ, իր օրակարգին վրայ պէտք է կարենայ առաջնահերթաբար բերել եւ լուծել նորահաս սերունդին ու նորաստեղծ Սփիւռքին ներգրաւման ու ինքնակազմակերպման մարտահրաւէրը։