ԹԵՀՐԱՆ,– Երկօրեայ աշխատանքային այցով Յունիս 24ին Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն մեկնած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԱԽ) քարտուղար Արթուր Բաղդասարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մէջ են ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար, հայ-իրանական միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի համանախագահ Արմէն Մովսիսեան, փոխնախարար Իոսիֆ Իսայեան, ԱԱԽ աշխատակազմի ղեկավար Արտաշէս Աւոյեան եւ արտաքին անվտանգութեան վարչութեան պետ Միշա Մելքոնեան: Իրան այցի ընթացքին Արթուր Բաղդասարեան պիտի մասնակցի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային համաժողովի աշխատանքներուն, որուն ընթացքին հանդէս պիտի գայ «Ահաբեկչութեան դէմ համաշխարհային պայքարի հիմնախնդիրները» թեմայով ելոյթով: Նախատեսուած են հանդիպումներ ԻԻՀ նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի եւ Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Սաիտ Ճալիլիի հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.