ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ Հայաստանի նախագահի մշտական ներկայացուցիչ Գառնիկ Իսագուլեան Յունիս 30ին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, թէ Ատրպէյճանի կոշտ դիրքորոշումը Հայաստանի կողմէ ռազմավարական զիջումներու չի յանգեցներ։
«Եթէ Ատրպէյճանի նպատակն է բանակցութիւնների երկարաձգման միջոցով ստիպել Հայաստանին զիջումների գնալ ռազմավարական հարցերի շուրջ, ապա Ատրպէյճանի ջանքերը զուր են: Հայաստանն առայսօր գնացել է հնարաւոր բոլոր զիջումների: Մենք հասել ենք այն սահմանին, որից յետոյ արդէն կասկածի տակ կը դնենք հէնց Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան գոյութիւնը», ըսաւ ան:
Խօսելով ռազմավարական անընդունելի զիջումներու մասին՝ նախագահի ներկայացուցիչը նշեց որոշ շրջանակներու մէջ տարածուած խօսակցութիւնները՝ Ատրպէյճանին Ղարաբաղի շրջակայքի որոշ շրջաններու հաւանական վերադարձին վերաբերեալ:
Իսագուլեան յայտնեց նաեւ, որ անցեալին մեծահոգի յաղթողի դիրքէ հանդէս եկող Հայաստանի իւրաքանչիւր զիջումի հետ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը աւելի կը կոշտանար: Մասնաւորապէս, ան նշեց Ղարաբաղի դուրսբերումը բանակցային գործընթացէն, որուն իբրեւ արդիւնք, Պաքուն սկսած է Հայաստանը միջազգային հանրութեան ներկայացնել իբրեւ յարձակող։
Իբրեւ լրացուցիչ զիջում, ան նաեւ նշեց հայկական հասարակութեան մէջ ռազմական հռետորութեան բացակայութիւնը եւ Հայաստանի կողմէ Ղարաբաղը չճանչնալը, որուն մասին սթրազպուրկեան իր խօսքին մէջ նշած էր Սերժ Սարգսեան, եւ որ սխալ մեկնաբանուած էր շարք մը հայկական լրատուամիջոցներու կողմէ: