ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Որպէս դրական փոփոխութիւն պէտք է դիտարկել… իշխանութեան համակարգում անձնակենտրոն համակարգից դէպի հաւասարակշռուած զսպումների եւ հակակշիռների մեխանիզմների բազմակողմ համակարգ անցումը, որի դրսեւորումներից էր վերացումը այնպիսի ինստիտուտների, ինչպիսին են նախագահի կողմից պառլամենտը արձակելու բացարձակ իրաւունքը, նախագահի կողմից Արդարադատութեան խորհուրդը ղեկավարելը, կառավարութեան նիստեր հրաւիրելը եւ վարելը, կառավարութեան բոլոր որոշումները ստորագրելը: Այս լիազօրութիւնները այլեւս չկան եւ ի հակակշիռ սրանց՝ էականօրէն մեծացաւ կառավարութեան եւ Ազգային ժողովի դերը:
Հրայր Թովմասեան,
ՀՀ Արդարադատութեան
նախարար
Յուլիս 5ի Սահմանադրութեան Օրը այս տարի եւս առիթը ընծայեց հայ քաղաքական մտքի տարբեր թեւերուն, որպէսզի օրակարգի նիւթ դարձնեն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կառավարման համակարգի բարեփոխման խնդիրը։
Նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը ինք, Օրուան առիթով իր հրապարակած շնորհաւորական ուղերձին մէջ, չբաւարարուեցաւ յաւուր պատշաճի այն շեշտադրումով, թէ՝ «Սահմանադրութեան ընդունման եւ դրանում փոփոխութիւնների կատարման հանրաքուէները յստակ ցոյց տուեցին Հայաստանի ժողովրդի դիրքորոշումը, թէ ինչպիսի երկրում է ինքն ուզում ապրել: Սա անվիճարկելի ընտրութիւն է, որի նկատմամբ յարգանքն ու հաւատարմութիւնը բոլորիս սուրբ պարտականութիւնն է»։
Նախագահ Ս. Սարգսեան հարկը զգաց աւելցնելու, որ՝ «Սահմանադրութեան մէջ արտացոլուած է սոցիալական, իրաւական ու ժողովրդավարական պետութիւն կերտելու մեր նպատակադրումը: Այն կեանքի կոչելու ուղղութեամբ մեծ գործ է արուել, բայց պէտք է խոստովանենք, որ շատ բան դեռ լիարժէք իրականութիւն չի դարձել: Այսօր մենք մեր քայլերով, մեր հետեւողականութեամբ պէտք է կարողանանք նոր թափով խթանել երկրի հետագայ ժողովրդավարացումը… Մեր քաղաքացիների՝ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած իրաւունքներն ու ազատութիւնները պիտի մտնեն իւրաքանչիւր տուն եւ հիմնարկ, իւրաքանչիւր գիւղ ու քաղաք, պիտի դառնան ոչ միայն Սահմանադրութեան, այլեւ կեանքի նորմ: Մենք դա կարող ենք անել, քանի որ դրա համար կան ե՛ւ իշխանութիւնների քաղաքական կամքը, ե՛ւ ժողովրդի լայն հատուածի անկեղծ մղումը»:
Վիճելի ու քննելի է, անշուշտ, թէ ՀՀ իշխանութեանց մօտ իրապէ՞ս կայ, կամ՝ որքանո՞վ կայ քաղաքական կամքը, որպէսզի կարելի ըլլայ իրապէս ու շօշափելիօրէն «իւրաքանչիւր տուն եւ հիմնարկ» մտցնել Սահմանադրութեամբ նուիրագործուած ՀՀ քաղաքացիներու իրաւունքներն ու ազատութիւնները։
Իշխանաւոր վերնախաւի սանձարձակ առանձնաշնորհումներն ու ստուերային ուժերու անպատիժ չարաշահումները, փաստօրէն, աղաղակող հարցականի տակ կ՛առնեն ընկերային արդարութիւն եւ ժողովրդավարութիւն հաստատելու ձգտումն իսկ։
Բայց վիճելի չէ, ոչ ալ քննելի է Հայաստանի պետական իշխանութեան բարձրագոյն դիրքէն կատարուած այն խոստովանութիւնը, թէ Սահմանադրութեամբ իսկ ընտրուած կառավարման համակարգի, այլ մանաւանդ ընկերային իրաւունքներու պաշտպանութեան թեքումով իրաւական ու ժողովրդավարական հասարակարգի իրագործման ճամբուն վրայ, «շատ բան դեռ լիարժէք իրականութիւն չի դարձել»:
Աւելի՛ն. արդէն քսան տարի անցած է Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, 15 տարի ալ ապրած ենք 1995ի Յուլիս 5ին հաստատուած Սահմանադրութեան հովանիին տակ, բայց արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան սայլը տեղէն չի շարժիր։
Ըստ երեւոյթին եկող–գացող իշխանաւորներու «քաղաքական կամք»էն աւելի արմատական շարժիչի կամ մտրակի պէտք ունինք, որպէսզի կարենանք յառաջ մղել մեր կեանքի արմատական բարեփոխման ներուժը։
Մեր ժողովուրդի չար բախտէն, սակայն, ունինք նաեւ մեր իշխանութիւններուն համարժէք դիմադիր բեւեռ մը՝ այսպէս կոչուած արտախորհրդարանական «կարծր ընդդիմութիւն»ը, որ Սահմանադրութեան Օրուան առիթով կ՛ուզէ հաւատացնել բոլորիս, թէ իրենց հեղինակած Սահմանադրութեամբ մենք ամէն ինչ ստացած ենք, միայն կը մնայ, որ մաքուր ձեռքերով կառավարողներ ունենանք…
Ի՜նչ փոյթ, որ տէր–պետրոսեանական իշխանութեան «պտուղներ»ը ճաշակած մեր ժողովուրդը թերահաւատ է եւ չ՛ուզեր Հայաստանի առաջին նախագահին, նորընծայ թէ վերակազմեալ իր շքախումբով հանդերձ, վերադարձնել իշխանութեան ղեկին։ Ի պատասխան՝ այսօրուան իշխանաւորներու համարժէք ընդդիմադիրները երկտմանքի պատճառ չեն տեսներ եւ կ՛ուզեն հաւաստիացնել բոլորիս, թէ կը բաւէ իշխանութեան ղեկէն հեռացնել ՀՀ այժմու նախագահն ու իր վարչախումբը, որպէսզի լիարժէք վայելենք սահմանադրական մեր իրաւունքներն ու ազատութիւնները։
Նման ամբոխավարութեան պատրաստի հող ունին զիրար արժող ներկայ իշխանաւորներն ու անոնց աթոռակռուի մրցակիցները, որովհետեւ երկուստեք ամէն պատճառ ունին չխոստովանելու, թէ չարիքին աղբիւրը կը գտնուի նոյնինքն գործող ՀՀ Սահմանադրութեան մէջ, իր բարեփոխումներով հանդերձ։
Փաստօրէն ունինք սահմանադրութիւն մը, որ մինչեւ 1995ի Յուլիս 5ի հանրաքուէով իր որդեգրումը՝ ենթարկուեցաւ քաղաքական կրտումի, որպէսզի միայն ձեւականօրէն պահպանէ կառավարման իրաւական եւ ժողովրդարավարական համակարգը, իսկ խորքով ու իրաւական լիազօրութիւններով՝ ամէն իշխանութիւն վերապահէ Հանրապետութեան Նախագահի պետական օղակին։
Հանրապետական եւ Ժողովրդավարական կարգերու անհրաժեշտ ու բաւարար պայմանը՝ երեք իշխանութեանց տարանջատումն ու հաւասարակշռումը ՀՀ Սահմանադրութեան մէջ տեղ գտան միայն իբրեւ հռետորական առաջադրանքներ։ Իբր թէ խորհրդարանական վարչաձեւի փոխարէն մենք ընտրեցինք նախագահական կառավարումը, բայց սահմանադրականօրէն չապահովեցինք օրինական այն զէնքերը, որոնց ապաւինելով՝ օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւնները պիտի կարենային իրենց անկախ գործելու իրաւունքը պաշտպանել գործադիրի ոտնձգութեանց դէմ։ Նոյնպէս եւ չորրորդ իշխանութեան՝ քաղաքացիական իրաւունքներու եւ ազատութեանց սահմանադրական հռչակումը անդին չանցաւ… ամբոխավարական կարգախօսի սահմաններէն. չամրագրուեցաւ քաղաքացիական նախաձեռնութեանց իրաւական գերիշխանութիւնը հաստատող օրէնդրութեամբ։
ՀՀ գործող Սահմանադրութիւնը իր այս ներքին կաշկանդումէն չձերբազատուեցաւ նոյնիսկ Սահմանադրական բարեփոխման հետագայ հանրաքուէներու արդիւնքով, որովհետեւ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնական Օրէնքը միշտ պատանդ մնաց պետութեան «ղեկավար»ի կամ «գլուխ»ի անձնաւորուած յղացքը ամէն արժէքէ վեր դասելու եւ պահպանելու… հիւանդագին մտայնութեան։
Որքան ալ լաւատեսութիւն փորձէ ներշնչել ՀՀ Արդարադատութեան գործող նախարարը՝ հաւաստիացնելով, որ դրական շարժում մը նկատելի է դէպի ժողովրդավարական բազմակողմ ու հաւասարակշռուած համակարգի հաստատումը, այսուհանդերձ՝ մեր կեանքի դաժան իրականութիւնը կը պարտաւորեցնէ իրատես ըլլալ եւ մատը դնել բուն վէրքին՝ Օրէնքի իշխանութենէն վեր Անձի իշխանութիւն փնտռելու այս չարիքին վրայ։
Եւ հայ քաղաքական մտքի խորապատկերին՝ մեծ է թիւը այն կուսակցութիւններուն եւ անհատ գործիչներուն, որոնք Սահմանադրութեան Օրուան առիթով մեր ժողովուրդին ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին համակարգային արմատական բարեկարգումներու հրամայականին վրայ՝ սկսելով նոյնինքն Սահմանադրութեան ժողովրդավարական բարեփոխման մարտահրաւէրէն։
Չենք կրնար մոռնալ, որ նոյնինքն գործող Սահմանադրութիւնը մեր ժողովուրդը ձեռք ձգեց քաղաքացիական անդուլ ճնշումի եւ աներեր հաստատակամութեան շնորհիւ։
Ճի՛շդ է, որոշ իմաստով մեր ժողովուրդը պարտութիւն կրեց, երբ այսպիսի՛ արատով ծնաւ ՀՀ Սահմանադրութիւնը։
Բայց վերջին հաշուով մենք ունեցանք մեր պետական անկախութիւնը ամրագրող Սահմանադրութիւնը, որուն արմատական բարեկարգումը միշտ օրակարգի վրայ պահելով՝ մեր ժողովուրդը ի վիճակի պիտի ըլլայ նաեւ վճռորոշ քայլերը նետելու դէպի ընկերային արդարութիւն եւ ժողովրդավարական կառավարում։