ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Թուտէյ.ազ» լրատուական կայքը Երեքշաբթի, Յուլիս 5ին կը տեղեկացնէ, թէ Ատրպէյճանի նախագահին յանձնարարութեամբ կազմակերպուող ատրպեճանական սփիւռքի երրորդ համաժողովին ընթացքին, սփիւռքի հարցերով զբաղող Ատրպէյճանի կառավարութեան յատուկ յանձնախումբի ատենապետ Նազիմ Իպրահիմով յայտարարած է, որ ներկայիս աշխարհի տարածքին կը գործեն ատրպեճանական սփիւռքը ներկայացնող 416 կազմակերպութիւններ, որոնցմէ 102ը կազմուած է ատրպեճանական սփիւռքի ներկայացուցիչներու երկրորդ համաժողովէն ետք: Ան աւելցուցած է, թէ իր յանձնախումբին գործունէութիւնը հիմնուած է յարձակողական գործելաոճի վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել Ատրպէյճանի նախագահին ակնկալութիւնները: Իպրահիմով նաեւ շեշտած է թրքական սփիւռքին հետ կապերը սերտացնելու կարեւորութիւնը:
Համաժողովին ներկայ եղած են նաեւ Թուրքիայէն ներկայացուցիչներ: