Պատուոյ Հիւր՝ Տէր Եւ Տիկ. Պարոյր Աղպաշեան
Պատմական ըլլալու չափ յիշատակելի օրեր էին այն պահերը, զորս անցնելու բացառիկ պատեհութիւնը ունեցանք, 10, 11 եւ 12 Յունիս, 2011ին, Ֆրեզնոյի (ԱՄՆ) մէջ, երբ Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլեճի 1964ի շրջանաւարտներէն շուրջ 17 հոգի՝ իրենց տիկիններով կամ ամուսիններով, վերահաւաք մը կազմակերպեցին՝ դպրոցական ժամանակաշրջանին անկրկնելի մթնոլորտը վերապրելու ցանկատեսութեամբ։
Վերահաւաքին միւս առիթն էր նաեւ 1964ի շրջանաւարտ, հանրածանօթ խմբագիր-հրապարակագիր, ուսուցիչ-դասախօս, բանասէր, լեզուագէտ տէր եւ տիկ. Պարոյր եւ Անի Աղպաշեաններու ներկայութիւնը. անոնք Լոս Անճելըս ժամանած էին՝ մասնակցելու համար Պարոյր Աղպաշեանի քառասնամեայ ազգային-հասարակական, խմբագրական-հրապարակագրական գործունէութեան նուիրուած ձեռնարկին։
Շրջանաւարտները ժամանելով Ֆրեզնօ, յետ-ողջագուրումներու ու գրկընդխառնումներու՝ շուրջ քառասուն տարուան կարօտով եւ յուշերով տեղաւորուեցան հոյակերտ «Radisson» պանդոկին մէջ:
Ֆրեզնոյաբնակ Աբօ Սաղտըճեան եղաւ եռօրեայ կեցութեան կազմակերպողն ու առաջնորդը՝ յատուկ յայտագիրի մը հիմամբ:
Իսկապէս ուրախալի ու հաճելի էր տեսնել դասընկեր-դասընկերուհիներու մէկտեղում մը, ուր կայ դպրոցը՝ իր համալիրով, ուսուցիչը՝ իր կերպարով, դասարանը՝ իր աշակերտներով, ուսուցումը՝ իր բովանդակութեամբ, մէկ խօսքով՝ կրթական-պատանեկան ամբողջ աշխարհ մը՝ իր հազարումէկ մանրամասնութիւններով, տպաւորութիւններով, պատումներով ու մասունքներով։
Իւրաքանչիւրը յոյշ մը ունէր իր վարժարանէն, տնօրէնէն, պատուելիէն, դասընկեր-դասընկերուհիէն, ուսուցիչ-ուսուցչուհիէն, նոյնիսկ… տնտեսէն եւ վարորդէն, բոլորն ալ կենդանի պատառիկներ՝ անցեալէն եկած դէպի ներկան ու, վստահաբար՝ ապագան:
Հետաքրքրականը այն էր, որ փառատօնային այդ մթնոլորտին մասնակից էին ոչ միայն ներկաները, այլեւ հեռու գտնուողները, որոնցմէ մաս մը հեռաձայնով կ՛ողջունէր վերահաւաքը։
Ժամանումի երեկոյեան, յատուկ ճաշարանի մը մէջ, խրախճանքի մը ընդմէջէն, 1964ի շրջանաւարտները ողջունեցին զիրար՝ կենացներ առաջարկելով ու մաղթանքներ կատարելով։
Յաջորդ առաւօտուն մուսալեռեան-լիբանանեան համեղ նախաճաշէ մը ետք, խումբը մեկնեցաւ Սաղտըճեանի պտղաբեր արտերը, ուր վայելեց անոր համով բերքերը, որմէ ետք՝ այցելութիւն՝ Սասունցի Դաւիթ յուշարձանը, ապա՝ Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան թատրոնը։
Երեկոյեան, բացառիկ խնճոյք մը սարքուեցաւ Սաղտըճեանի պուրակ-լճակին մէջ, ուր նուագախումբի մը ընկերակցութեամբ ներկաները ըմբոշխնեցին մտերմութիւնը շրջանաւարտութեան եւ յետ-շրջանաւարտութեան՝ միշտ Հայ Աւետարանական Գոլեճի պարունակին մէջ մնալով։
Ոգեւորուած այս մթնոլորտէն, Պարոյր Աղպաշեան հանդէս եկաւ բաժակաճառով՝ կարեւոր համարելով այս եւ նման հաւաքները, շնորհակալութիւն յայտնելով այս աւանդոյթը պահող-գործադրող բոլոր անձերուն, ապա, առաջարկելով խմել կենացը տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն՝ ի մասնաւորի ներկայ տնօրէն Զաւէն Մսըրլեանի, որ նուիրումով ու ժրաջանութեամբ կը շարունակէ վարժարանի կրթական ղեկավարութիւնը:
Աղպաշեանի առաջարկով, իւրաքանչիւր ներկայ շրջանաւարտ, իր լուման բերաւ դպրոցին ի նպաստ՝ շուրջ չորս հազար տոլարի գումար մը գոյացնելով։
Յաջորդ առաւօտուն, շրջանաւարտները համախմբուեցան Ազատուհի Սողոմոնեանի բնակարանը, հրաժեշտի նախաճաշի ճոխ սեղաններու շուրջ, նոյն ջերմ ու մտերմիկ տրամադրութեամբ:
Բաժանումը դժուար էր, այլեւ՝ յուզիչ, բայց յուսադրող, որ ատոր յաջորդելու են այլ հանգրուաններ, երբ կարելիութիւնները ստեղծուին։
Իւրաքանչիւրը մեկնեցաւ իր քաղաքը, վառ ու կենդանի յիշատակներով, հաւատալով, որ դպրոցը կը մնայ միացումի ու գոյատեւման այն հաստատուն կամուրջը, ուր հինը ու նորը կը ձուլուին՝ պահելով ընկերային-մարդկային յարաբերութեանց օրինակելի օղակ մը։
***
3 Յուլիս 2011ին, Լոս Անճելըսի մէջ, երկրորդ վերահաւաք մը տեղի ունեցաւ ճաշարան «Վարուժան»ի մէջ, տէր եւ տիկ. Միհրան եւ Շաքէ Եկաւեանի հիւրասիրութեամբ. անոր ներկայ գտնուեցաւ նաեւ սիրուած ուսուցչուհի Ժանէթ Գարամանուկեան-Քասունի։
***
Այս զոյգ վերահաւաքներուն ներկայ գտնուեցան՝
Աբօ Սաղտըճեան, Մարի-Լուիզ եւ Ռոպեր Մենէշեան, Միհրան եւ Շաքէ (Ինճէճիքեան) Եկաւեան, Պարոյր եւ Անի Աղպաշեան, Վաղինակ Դարբինեան, Ազատուհի Սողոմոնեան, Արմէն Կէօնճեան, Ռաֆֆի Աբոշեան, Յակոբիկ Խաչատուրեան, Ճորճիկ Կեպեշեան, Անդրանիկ եւ Լենա Անտոնեան, Արմինէ Թաշճեան, Նշան Պասմաճեան, Արեգ Գազանճեան-Մոմճեան, Նինա Շահինեան, տէր եւ տիկ. Վարդգէս Թախթաճեան, Զուարթ Յակոբեան, Մարիժան Ադամեան, Յովհաննէս եւ Լենա Մինոյեան (որոնք Մոնթրէալի մէջ հիւրընկալեցին տէր եւ տիկ. Պարոյր Աղպաշեանը)։
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ
Ֆրեզնօ-Լոս Անճելըս