
Քալիֆորնիոյ նահանգի քաղաքական կեանքին մէջ քսանութ տարուան նշանակալի ներկայութիւն ունեցող Տիւքմէճեան, շատ ու շատ հայ երիտասարդներու համար ներշնչման աղբիւր ու մղիչ ուժ ծառայեց՝ խրախուսելով զանոնք մտնել տեղական քաղաքական կեանքէն ներս:
Տիւքմէճեան եղած է նահանգային խորհուրդի եւ նահանգային ծերակոյտի անդամ, վարած է Քալիֆորնիոյ նահանգի գլխաւոր դատախազի պաշտօնը եւ երկու անգամ կառավարիչ ընտրուած է այս մեծ նահանգին:
Մասնագիտութեամբ իրաւաբան նախկին կառավարիչը, պաշտօնէն քաշուելէ ետք վերադարձած էր իր ոլորտին: