ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Հայկական համագաղութային մարմինի նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, Յուլիս 31ին տեղի պիտի ունենայ Հայկական չորրորդ տարեկան փառատօնը, Փասատինայի «Յաղթանակի

զբօսայգի»ին մէջ (Victory Park), Փալոմա եւ Ալթատինա թաղերուն անկիւնը:
Վերոյիշեալ համագաղութային մարմինին մաս կը կազմեն քաղաքիս եկեղեցիները, դպրոցները, միութիւնները եւ այլ կազմակերպութիւններ, որոնք ջանք չեն խնայեր բացառիկ յաջողութեամբ պսակելու այս տարուան փառատօնը, որ կը զուգադիպի Փասատինայի հիմնադրութեան 125րդ տարեդարձին։
Այս առթիւ, փառատօնին ներկայ պիտի գտնուին Փասատինայի քաղաքապետ Պիլ Պոկարտ, ոստիկանապետ Ֆիլիփ Սանչեզ, Սիերա Մատրէի քաղաքապետ Ճօ Մոսքան եւ քաղաքական, եկեղեցական թէ ազգային այլ անձնաւորութիւններ, որոնք խօսք պիտի առնեն եւ իրենց զօրակցութիւնը պիտի յայտնեն համագաղութային մարմինի ծրագիրներուն, որոնց մօտէն պիտի ծանօթանան փառատօնի ներկաները:
Սոյն փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն յայտնի ու սիրուած երգիչներ ու արուեստագէտներ, որոնք պիտի խանդավառեն մթնոլորտը կէսօրուան ժամը 12էն սկսեալ մինչեւ ուշ երեկոյ։ Յատուկ բաժին մը պիտի տրամադրուի երեխաներուն, որպէսզի իրենց ծնողները կարենան հանգիստ միտքով ճաշակել հայկական թէ տեղական համադամ ճաշերն ու անուշեղէնները։
Մուտքը ազատ է: