
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17ին, երեկոյեան ժամը 6-8, Կլենտէյլի Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան երիտասարդական կեդրոնին մէջ (211 W. Chestnut St., Glendale, CA 91204) տեղի պիտի ունենայ գաղթականական հարցերու նուիրուած անվճար խորհրդատուութիւն:
Խումբ մը իրաւաբաններ պիտի պատասխանեն գաղթականական հարցերու մասին բոլոր հարցումներուն ու ցուցմունքներ պիտի տան ցած եկամուտ ունեցողներուն, թէ ինչպէ՞ս կրնան իրաւական անվճար խորհրդատուութիւն ստանալ: Նման դիմումներ կատարել փափաքողները կրնան հարկաւոր փաստաթուղթերը իրենց հետ բերել: Խորհրդատուութեան ներկայացնողները պիտի ընդունուին ժամանման կարգով:

Ձեռնարկը կազմակերպուած է Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին ու Հայ իրաւաբաններու միութեան համատեղ ջանքերով:
Ժամադրութիւն ստանալու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել info@ancglendale.org հասցէին կամ (818) 243-3444 թիւին: