ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Աշխարհի ամենասուղ քաղաքներու շարքին, Երեւանը կը գրաւէ 167րդ տեղը: Այսպիսի տուեալներ ներկայացուած են «Մերսեր» հետազօտական կեդրոնի վերջին զեկոյցին մէջ:
Կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Մարի-Լոուրենս Սեպեդիէնի խօսքով, ուսումնասիրութեան մէջ ընդգրկուած է շուրջ 200 ապրանք ու ծառայութիւն: Հետազօտութիւնը կ՛իրականացուի յատկապէս զբօսաշրջիկներու եւ օտարներու համար, ուստի ուսումնասիրութեան մէջ հաշուարկուած են ոչ միայն սնունդը, հագուստը, զբօսաշրջութեան ծախսը, զուարճանքի համար անհրաժեշտ գումարը, այլեւ՝ կացարանի վարձակալութեան արժէքը:
«Մերսեր»ի տուեալներով, Հարաւային Կովկասի ամենասուղ քաղաքը Պաքուն է, ուր կեանքը աւելի սուղ է, քան Ամսթերտամի, Մատրիտի եւ Թորոնթոյի մէջ: Տարածաշրջանի ամէնէն աժան քաղաքը Թիֆլիսն է