ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Տակաւին քանի մը ամիս առաջ ողջ աշխարհը զարմացնող եւ խանդավառող «Արաբական Գարուն»ը արդէն սպառած կը թուի ըլլալ համընդհանուր հիացմունքի եւ լաւատեսութեան ալիք բարձրացնելու՝ օրինակելի դառնալու իր սկզբնական ներուժն ու գրաւչութիւնը։
Անշուշտ այսօր ալ, ամէնուր, տակաւին կը տիրէ այն համոզումը, որ «Արաբական Գարուն»ը եկաւ անգամ մը եւս փաստելու բոլոր ժամանակներուն համար ի զօրու ճշմարտութիւնը. թէ՝ ամէն կարգի բռնակալութեանց եւ անարդար իշխանութեանց վախճանը միեւնոյն անփառունակ անկումն է, ամբողջական վարկաբեկումը եւ անխուսափելի տապալումը…
Նոյնպէս ամէնուր կը շարունակուի մարդոց սքանչացումը քաղաքացիական այն յանդգնութեան ու քաջութեան նկատմամբ, որոնք ցուցաբերուեցան, Թունուզի կամ Գահիրէի գլխաւոր հրապարակներուն վրայ, ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան կողմէ, առանց սեռի խտրութեան, յանուն ժողովրդային լայն ու ընչազուրկ խաւերու իրաւանց պաշտպանութեան, ազատ ու ժողովրդավարական ծառացումի ճամբով՝ տասնամեակներու վրայ երկարած ճնշումներու, հալածանքներու եւ բռնադատումներու դէմ։
Բայց այսօր արդէն մարդիկ սկսած են անդրադառնալ, թէ գինիին պէտք է ջուր խառնել, չափաւորել ոգեւորութիւնը եւ, ինչպէս երեւանցին կը սիրէ ըսել, «միանշանակ» չընկալել ժողովրդային ըմբոստացման ու հասարակական պոռթկումի ալիքներուն քաղաքական խորքն ու պատգամը։
Չափաւորուած է որոշապէս «Արաբական Գարնան» քաղաքական նպատակասլացութեան արժեւորումը. արդէն հարցականներ սկսած են դրուիլ, թէ որքանո՞վ իր բուն նպատակին՝ ժողովրդային ինքնաբուխ ծառացումի ճամբով բռնակալական վարչակարգերու տապալման ծառայեց քաղաքացիական զօրաշարժի այդ «Գարուն»ը։
Յատկապէս աւելի ուշ, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ իրենց գտած այլաբնոյթ արձագանգներով, ժողովրդային պոռթկումները աստիճանաբար կորսնցուցին ընկերային եւ քաղաքացիական արդարացի բողոքի իրենց խորապատկերին յստակութիւնը։ Համապատասխանաբար տեղատուութիւն արձանագրեց նաեւ իրենց առաջացուցած ոգեւորութեան ալիքը։ Մէկ կողմէ իսլամ արմատականութեան կամ «Քաղաքական Իսլամ»ի կրօնամոլական ծայրայեղութիւնները, իսկ միւս կողմէ մեծապետական ոտնձգութեանց եւ հաշուեյարդարներու արագօրէն բացայայտուող գործօնները նահանջի մղեցին այլապէս այնքա՜ն ժողովրդավարական ու ժողովրդային խորքն ու պատգամը ընկերային ըմբոստացման մերօրեայ այս ալիքին։
Վերջերս Յունաստանի մէջ կայացած միջազգային բնոյթի երկու հաւաքներու մասնակցութեան առիթը օգնեց, որպէսզի «Արաբական Գարնան» վիճակուած տեղատուութիւնը աւելի շօշափելի ու պարզ դառնայ։ «Քրիստոնեաները Միջին Արեւելքի մէջ» օրակարգով խորհրդաժողով մը կազմակերպեցին, միասնաբար, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդն ու Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Վոլօ Ակադեմիան. մասնակիցներուն ճնշող մեծամասնութիւնը «Արաբական Գարնան» փորձառութիւնը քրիստոնեայ արաբներու պրիսմակով ներկայացնող գործիչներ էին։ Իսկ Ընկերվար Միջազգայնականը Աթէնքի մէջ գումարեց իր Խորհուրդի Ժողովը, որուն օրակարգին վրայ դրուած էր նաեւ Պաղեստինեան անկախ պետութեան միջազգային ճանաչման եւ ընդհանրապէս «Արաբական Գարնան» զօրակցութեան խնդիրը։ Տարբեր դիտանկիւններէ եւ քաղաքական–գաղափարական տարաբնոյթ կողմերէ բարձրաձայն հնչեցին միեւնոյն եզրակացութեան ու արժեւորման յանգող վերլուծումներ։
Եզրայանգումը մէկ ու ընդհանուր էր. անկասկած ոգեւորիչ է այն փաստը, որ այլեւս կարելի չէ աշխարհէն մեկուսացնել եւ խեղդել ժողովրդային բողոքի շարժումները. բայց միաժամանակ մտահոգիչ է, որ երիտասարդական եւ ուսանողական ինքնաբուխ այդ ծառացումները, ինչպէս եւ կնոջական իրաւատիրութեան եւ ազգային ազատագրութեան արդար շարժումները իրենց հետ կը բերեն նաեւ այլամերժութեան եւ ծայրայեղականութեան ներքին որոմներու վտանգը։
Ընդհանրական այդ եզրայանգումը օգտագործելի է նաեւ ու մանաւանդ հայ քաղաքական միտքին համար, որպէսզի Հայաստանի ներ–քաղաքական դաշտին վրայ արձանագրուած վերջին զարգացումներու խորքն ու ուղղուածութիւնը քննարկէ եւ արժեւորէ համապատասխան օրինաչափութեանց լոյսին տակ։
Երբ գարնանամուտին Թունուզի ու Գահիրէի ժողովրդային ըմբոստացման ալիքները իրենց սկզբնական մակընթացութեան մէջ էին, Հայաստանի ներ–քաղաքական օրակարգին վրայ յանկարծակի կերպով, բայց հասկնալիօրէն առաջնահերթ հիմնահարցի կարեւորութեամբ հնչեց մեր ժողովուրդի հասարակական պայթումի վտանգը դիմագրաւելու ահազանգը։ Իշխանաւոր ճամբարէն մինչեւ այսպէս կոչուած «արտախորհրդարանական կարծր ընդդիմութիւնը», քաղաքական ուժերը փութացին սեփական դիրքերու ամրապնդման ի սպաս շահարկելու… ահազանգը։ Ոչ ոք հերքեց հասարակական պայթում առաջացնող հիմնաւոր պատճառներու՝ իրաւազրկումներու եւ անարդարութեանց, «կոռուպցիա»յի ու ա-ռանձնաշնորհումներու եւ անպատժելիութեան մթնոլորտի առկայութիւնը։ Նոյնիսկ քաղաքական ամբոխավարութեան մրցապայքար մը թափ առաւ՝ ցոյց տալու համար, թէ ո՛վ աւելի համարձակախօս ախտաճանաչում կը կատարէ եւ կ՛արտայայտէ ժողովրդային համատարած դառնութիւնն ու ընդվզումը։
Ամբոխավարական մրցապայքարը սուր բնոյթ ստացաւ յատկապէս Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած իշխանաւոր ճամբարին եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ղեկավարած ընդդիմադրութեան միջեւ։
Իշխանամէտները հաւար փրցուցին, որ մեր երկիրն ու ժողովուրդը ընկերային չարաշահութեանց զառիթափին մատնած ուժերը իրե՛նք են, ահա՛, ՀՀ առաջին նախագահի առաջնորդութեամբ, որ ձեռնարկած են ժողովրդային արդար բողոքը այլապէս սրելու եւ պայթումի տանելու արկածախնդրութեան՝ պարզապէս իշխանութեան վերատիրանալու իրենց ախորժակին յագուրդ տալու համար։ Տրամաբանութիւնը պարզ էր. իշխանութիւնը կ՛ուզէր նախ ինք հաւատալ եւ ապա բոլորին հաւաստիացնել, որ հայ ժողովուրդը ծայրայեղական չէ եւ հասարակական պայթումը բացառուած է Հայաստանի մէջ…
Իր կարգին ընդդիմախօս ճամբարը ամէն աղբիւրէ ջուր հոսեցուց, որպէսզի հասարակական պայթումի վտանգին դէմ հնչող ահազանգը ծառայեցուի իր մէկ ու միակ օրակարգին, որ իշխանաւոր վարչախումբի տապալումն ու փոխարինումն է։ Տէրպետրոսեանական ամբոխավարութեամբ, նոյնինքն հասարակական պայթումը կանխելու համար, հարկ էր թափ տալ ժողովրդային բողոքի ալիքին, որ գործող իշխանութեանց հեռացման միակ երաշխիքն է։ Աւելի՛ն. միայն ժողովրդային ճնշման տակ հնարաւոր պիտի ըլլար գործող իշխանութիւններուն պարտադրել «ընդդիմութեան» հետ երկխօսութիւնն ու զիջումները՝ մինչեւ սեփական դիմումով իշխանութեան դիրքերէն… ազատ կացուցուիլը։
Սկզբնական այդ ամբոխավարութիւնը արդէն թեւակոխած է նոր՝ այսպէս անուանուած «քաղաքակիրթ երկխօսութեան» փուլ, ուր նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ներկայացուցիչները պիտի բոլորուին «երկխօսութեան» միեւնոյն սեղանին շուրջ։ Թերեւս բանագնացները իրենք ալ լրիւ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ «երկխօսութիւն» կը սպասէ իրենց… որովհետեւ վերանկախացեալ Հայաստանի մէջ հաստատուած «իշխանապետութեան» քաղաքական մշակոյթը միայն «ղեկավար»ներուն՝ իշխանութեան թէ ընդդիմութեան առաջին դէմքերուն կը վերապահէ «բարձր քաղաքականութեան գաղտնիքներուն» իմացումը։
Բայց արդէն լսելի են բուռն դժգոհութիւններ նոյնինքն ժողովրդային բողոքի եւ ըմբոստացման խմորումներուն հետ իրենց պորտակապը պահպանող քաղաքական ուժերէն եւ գործիչներէն, որոնք հրամցուող «երկխօսութեան» մէջ ոչ միայն չեն տեսներ հասարակական պայթումի վտանգին յաղթահարման առողջ ուղին, այլեւ ընդհակառակն՝ կը տեսնեն Ընկերային Օրակարգը սոսկ իշխանութեան աթոռակռուին ծառայեցնելու նոյնքան պայթունավտանգ… պատեհապաշտութիւն եւ ժողովրդային վստահութեան չարաշահում։
Միջազգային մակարդակի վրայ պարզուած օրինաչափութեամբ դժուար չէ եզրակացնել, որ ինչպէս քսան տարի առաջ, Հայաստանի վերանկախացման ժամանակ, նաեւ մեր օրերուն անհրաժեշտ կարեւորութեամբ չ՛ընկալուիր հայոց Պետական Տան ընկերային արդար կարգաւորման օրակարգը։ Իշխանութիւնը կը շարունակէ գործել՝ մեր պետականութեան իբրեւ սեփական ագարակի նայելու եւ ըստ այնմ շարժելու մտայնութեամբ։ Իսկ ընդդիմադրութիւնը մենաշնորհի վերածելու ցնորքով տարուած ճամբարը կը շարունակէ իշխանութեան վերատիրանալու «յաղթաթուղ»չի պէս վարուիլ մեր ժողովուրդը տագնապեցնող անարդարութիւններու եւ իրաւազրկումներու տագնապահար վիճակին հետ։
Ընկերային արդարութեան մեծ խնդիրը՝ իրմէ բխող քաղաքական կառավարման ժողովրդավարացման լրացուցիչ հոգերով, փաստօրէն մնայուն տեղ չունի կամ առաջնահերթ լուծում պահանջող կարեւորութեամբ դրուած չէ Հայաստանի ներ–քաղաքական օրակարգին վրայ։
Ամէնուր օրինաչափ երեւոյթ է, որ բռնակալական տիպի իշխանութեանց մօտ Ընկերային Օրակարգը սոսկ քաղաքական մրցապայքարի խաղաթուղթ է եւ կը չարաշահուի միայն ըստ կարիքի, սեփական ժողովուրդին պարտադրուած անարդար լուծը այս կամ այն իշխանաւորով վերահաստատելու նպատակին համար։
Այդ պատճառով ալ նոյնպէս օրինաչափ է, որ յաճախ կեղծ ահազանգներ կը հնչեն հասարակական պայթումի վտանգին դէմ։
Վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր քսանամեակին պիտի գտնէ՞ իր մէջ բաւարար ուժը, որպէսզի իրա՛ւ ահազանգ հնչեցնէ հասարակական պայթումի անխուսափելի վտանգին դէմ՝ քաղաքական իր օրակարգին վրայ առաջնահերթ կարեւորութեամբ դնելով ընկերային արմատական բարեփոխութեանց՝ համակարգային ինքնասրբագրման մեծագոյն մարտահրաւէրը։