Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Լոյսի անդրամանիշակագոյն ճառագայթները (UVL) կը թափանցեն վերնամորթէն եւ կը հասնին ենթամորթ: Անոնց ներծծումը կը կանոնաւորուի մորթի գունաւորման չափէն: Լոյսի ճառագայթները մորթին մէջ ենթարկուելէ ետք շարք մը փոփոխութիւններու, կ՛արտադրուի D կենսանիւթը: Անդրամանիշակագոյն ճառագայթները պէտք է հասնին մորթ առանց որեւէ մէկ արգելքի, որպէսզի D կենսանիւթի արտադրութիւնը տեղի ունենայ առաւելագոյն չափով: Պատուհանի ապակիէն անցնող արեւու ճառագայթը բաւականաչափ օգտակար չէ այս կենսանիւթի արտադրութեան մէջ:
Է. Մարմինին կու տայ յատուկ գունաւորում.
Մարմինի գունաւորումը կ՛իրականանայ վերնամորթին մէջ գտնուող melanocyte բջիջներուն կողմէ արտադրուած գունաւորման melanine նիւթէն:
Ճերմակամորթութիւնը հետեւանքն է՝ melanine-ի շատ քիչ քանակութեամբ արտադրութեան: Սեւամորթները կ՛ունենան մեծ քանակութեամբ melanine իրենց մորթին մէջ: Մարմինի մակերեսի որոշ վայրերը կ՛ունենան աւելի թուխ գունաւորում, որովհետեւ այս վայրերուն մէջ բնականէն շատ աւելի քանակութեամբ melanine կ՛արտադրուի: Այս վայրերն են՝ կրծքագեղձի պտուկին շուրջը (areola), սրբանի (anus) եւ արտագին սեռական օրկաններու միջեւ եղած տարածութիւնը (perineum):
Հակառակ որ մորթի գունաւորումը հիմնականօրէն հետեւանքն է melanine-ի քանակաչափեն, սակայն կան նաեւ այլ ազդակներ որոնք կարեւոր դերակատարութիւն կրնան ունենալ: Այդ ազդակներն են՝
ա. Ժառանգականութիւն եւ ծինային (genetic) կազմաւորում.
բ. Արեւու անդրամանիշակագոյն ճառագայթներու զօրութիւն եւ քանակ.
գ. Մորթի վերնամաշկի հաստութիւն.
դ. Մորթի առողջական վիճակ.
ե. Առողջ կամ յոռի սննդակատարութիւն.
զ. Մարմնական կարգ մը հիւանդութիւններ, օրինակի համար՝ դեղնախտ (jaundice).
է. Մորթի զարկերակներու եւ մազերակներու իրավիճակ՝ ընդլայնում եւ նեղացում.
ը. Մորթի արեան արագ կամ դանդաղ շրջագայութիւն.
թ. Յղութիւն.
Մելանինի արտադրութիւնը յղութեան ընթացքին կը բազմապատկուի եւ այդ իսկ պատճառով յղի կիներ իրենց կրծքագեղձերու պտուկներուն շուրջը կ՛ունենան բնականէն աւելի թուխ գունաւորում:
Յաճախ մորթը կ՛ունենայ իւրայատուկ գունաւորումներ, օրինակի համար՝ դեղին մորթը հետեւանքն է՝ վերնամաշկի բնականէն աւելի հաստ ըլլալուն եւ լեարդաբորբի (hepatitis).
Կարմրագոյն մորթը հետեւանքն է մորթի զարկերակներու եւ մազերակներու ընդլայնումիմ եւ արեան շրջագայութեան բարելաւումին:
Տժգոյն մորթը հետեւանքն է մորթի զարկերակներուն նեղացումին (constriction) են արեան շրջագայութեան վատթարացումին:
Թուխ մորթը հետեւանքն է մորթին մէջ Melanine-ի բնականէն աւելի արտադրութեան:
Ը. Մարմինի դիմադրողականութեան կարգաւորում:
Վերնամաշկին մէջ կը գտնուին յատուկ բջիջներ, որոնք կարեւոր դերակատարութիւն ունին մարմինի դիմադրողականութեան կարգաւորման աշխատանքին մէջ: Երկարատեւ արեւու ճառագայթներուն ենթակայութեամբ մարմինի դիմադրողականութիւնը կը նուազի:
Թ. Մարմինին կու տայ վայելչութիւն եւ բարեձեւութիւն:
Հոս տեղին է յիշել, որ մորթի կարեւոր պարտականութիւններու իրականացումը պայմանաւորուած է մորթի առողջութեամբ:
Հետեւեալ միջոցառումները կը նպաստեն մորթի առողջութեան՝
1. Մորթի մաքրութիւն, այսինքն՝ ամէնօրիայ լոգանք.
2. Առողջ սննդակատարութիւն.
3. Առատ ջուրի սպառում.
4. Զգուշացում եւ խուսափում արեւու ճառագայթներէն.
5. Հանգստաւէտ հագուստներու գործածութիւն.
6. Կանխազգուշական միջոցառումներ՝ հեռու մնալու համար մորթային հիւանդութիւններու ախտապատճառներէն:
Ինչպէս յիշուեցաւ նախպէս մորթը մարմինի օրկաններէն մէկն է: Ան մարմինի մնացեալ օրկաններուն նման կը ներկայանայ մեզի շատ մը հիւանդագին երեւոյթներով: Մորթը միակ օրկանն է, որ կը յատկանշուի իր հարիւրաւոր հիւանդութիւններով:
Մորթային հիւանդութիւնները կը յայտնուին հետեւեալ ախտանշաններով՝
Ցան-կարմիր ցան (rash), չոր կամ հեղուկաւոր փշտիկներ (vesicle), թարախոտ փշտիկներ (pustule), չորութիւն, կոշտութիւն, կարծրութիւն, պնդութիւն, առաձգականութեան կորուստ, թեփոտութիւն (scaling), քերուըտուք-քոր,
գունաւորումի փոփոխութիւններ, հերաթափութիւն (alopecia), մազակալում (hairsutism), գերքրտնութիւն (hyperhydrosis), ենթաքրտնութիւն (hypohydrosis), խոցեր (ulcer) եւ ուռեր:
Մորթային հիւանդութիւնները կը յառաջանան տարբեր-տարբեր ախտապատճառներով: Հոս կ՛ուզեմ յիշել ախտապատճառները եւ կարգ մը մորթային հիւանդութիւնները.
Ա. Ծինային (genetic) եւ ժառանգական.
Կան շատ մը ծինային ախտանիշեր (syndromes), որոնք կը յատկանշուին մորթային զանազան անբնական երեւոյթներով:
Բ. Սաղմի թերի կազմաւորում (defective development).
Սաղմի թերի կազմաւորումով կը յառաջանան ընդոծին արատներ: Այս թերութիւններէն են՝
ա. Խալ (nevus), որ բնածին բիծ մըն է եւ կրնայ պատահիլ մարմնի որեւէ մէկ բաժինին վրայ:
բ. Ականջային կեղանք (auricular fistula).
գ. Բազմամատութիւն (poly-dactily).
դ. Մորթի աւելորդ կտորիկներ (skin tags).