ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ղեկավարած Հայ Ազգային Կոնգրեսը ըստ երեւոյթին գոհ ու երջանիկ է, որ յաջողեցաւ պաշտօնական լուսարձակներու տակ երկխօսութիւն սկսիլ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած իշխանաւոր ճամբարին հետ։
Յայտնապէս գոհ ու երջանիկ կը թուի ըլլալ, իր կարգին, Հանրապետական, Բարգաւաճ Հայաստան եւ Օրինաց Երկիր կուսակցութեանց քաղաքական համախմբումը, որովհետեւ յաջողեցաւ իշխանաւորի իր դիրքերէն երկխօսութեան սեղան բերել իր իսկ կողմէ «ոչ–շինի»չ՝ «արտախորհրդարանական կարծր ընդդիմութիւն» յորջորջուած ցիրուցան կուսակցութիւններու եւ խմբաւորումներու ճամբարը։
Հասարակ մահկանացուներս անշուշտ տեղեակ չենք, եթէ Հայաստանի ներ–քաղաքական կեանքին պարտադրուած այս շինծու եւ անհեթեթ բեւեռացման զոյգ ղեկավարները՝ Սերժ Սարգսեանն ու Լեւոն Տէր Պետրոսեանը իրե՛նք, իրարու հետ ուղղակիօրէն, գաղտնի կամ խորհրդապահական երկխօսութիւն կ՛ունենան թէ ոչ։ Բացայայտ է, սակայն, որ անոնց անունով պաշտօնական պատուիրակութիւններ արդէն կանոնաւորապէս կը հանդիպին եւ հետեւողական բանակցութեանց մէջ են։ Նոյնպէս գաղտնիք չէ, որ բուն ղեկավարները իրենք եւս արդէն աջ ու ձախ կը յոխորտան, որ տեսէ՜ք, մենք ալ կրնանք «քաղաքակիր»չ կերպով յառաջ տանիլ իշխանութիւն–ընդդիմադրութիւն մրցավազքը՝ յարգելով աշխարհով մէկ ընդունուած իշխանութեան համար պայքարի «ժողովրդավարական» խաղականոնները։
2008ի նախագահական ընտրութիւնները ապրած եւ Մարտիմէկեան ողբերգութեան դառն բաժակը ցմրուր ճաշակած մեր ժողովուրդը, անկասկա՛ծ, ամէն պատճառ եւ իրաւունք ունի թերահաւատութեամբ ու հիմնաւոր վերապահութեամբ ընկալելու իրեն հրամցուող «քաղաքակիրթ երկխօսութեան» այս բեմականացումն ու ցուցադրութիւնը։ Մանաւանդ որ առանց երէկուան քաղաքական աղէտներուն համար պատասխանատուութեան կանչուելու եւ արժանի դատ ու դատաստանի ենթարկուելու, Հայաստանի Հանրապետութեան ու հայ ժողովուրդին պարտադրուած արուեստական բեւեռացման զոյգ «ախոյեանները» ահա՛ կը պատրաստեն ճակատային բեւեռացման նոր արար մը… դարձեալ յանուն «քաղաքակիր»չ ու «ժողովրդավարական» մրցապայքարի։
Բայց «Օրուան Մտածում»ին կիզակէտը ո՛չ երէկ կատարուած քաղաքական չարաշահումներուն, ոչ ալ այսօր նորովի խմորուող շահարկումներուն մերկացումն է իրենց «քաղաքակիր»չ ու «ժողովրդավարական» կապկումներէն եւ աժան ամբոխավարութեան շպարներէն։
Ուշագրաւը այն իրողութիւնն է, որ իրենց սկսած «երկխօսութեամբ» գոհ ու երջանիկ թուացող զոյգ ճամբարներն ալ… չեն կրնար անտեսել ու լուռ անցնիլ Դաշնակցութեան եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան կողմէ հնչող եւ «երկխօսութեան» բեմադրութիւնը հարցականի տակ առնող քննդատութեանց կամ վերապահութեան վրայէն։
Դեռ երէկ՝ 27 Յուլիս 2011ի իր համարով եւ «ՀՅԴ ու Ժառանգութեան մարգինալացում» խորագրին տակ, ՀԱԿի կողմնակից «Լրագիր»ը լոյս ընծայեց Յակոբ Բադալեան ստորագրութեամբ մեկնաբանութիւն մը, որ ախտանշականօրէն ցոյց կու տայ Տէր Պետրոսեանական ճամբարը վարակած… անհանգստութիւնը։
ՀԱԿական մեկնաբանը նախ կը հաստատէ, որ «Ժառանգութիւնն ու Դաշնակցութիւնը դարձել են Հայ ազգային կոնգրեսի եւ իշխանութեան երկխօսութեան ընդդիմախօսը կամ գլխաւոր ընդդիմախօսը՝ յայտարարելով, թէ այդ երկխօսութիւնը ոչ միայն համարում են ապարդիւն գործընթաց, այլ դրանում տեսնում են վտանգներ պետութեան համար»: Ապա՝ «ամենայն լրջութեամբ» կը վերլուծէ եւ կ՛եզրակացնէ.
«Եթէ Ժառանգութիւնն ու Դաշնակցութիւնը ուզում են խոչընդոտել իրենց կարծիքով վտանգաւոր երկխօսութեանը, թերեւս ճիշդ կ՛անեն լռեն այդ մասին եւ երկխօսութիւնը չքննադատեն: Բանն այն է, որ սեփական քաղաքական գործունէութեան մեղմ ասած նուազ արդիւնաւէտութեան եւ ընդգրկուածութեան պայմաններում, երկխօսութեանը տրուող բացասական գնահատականները հանրային անգամ չէզոք շրջանակների մօտ ընկալւում են իբրեւ յուսահատ պայքար «մարգինալացուելու» դէմ (լուսանցքայնացման-Խմբ.), որ մղում են լուսանցքում յայտնուելու վտանգ զգացող Դաշնակցութիւնն ու Ժառանգութիւնը: Երկխօսութեան դէմ նրանց քննադատութիւնն աւելի շատ իրենց է վնասում, քան երկխօսողներին: Այդ իսկ պատճառով աւելի լաւ է լռեն, մինչեւ որ սեփական քաղաքական ծրագրերով կը հասնեն խօսուն առաջընթացի: Այդ ժամանակ արդէն երկխօսութեանը տուած նրանց գնահատականները հանրային մեծ պահանջարկ կը վայելեն եւ կ՛ունենան անկասելի հարուածի էֆեկտ (հետեւանք-Խմբ.):
«Իսկ եթէ նրանք վախենում են ուշանալուց, որ մինչեւ խօսուն առաջընթացի հասնեն սեփական քաղաքական ծրագրերով՝ երկխօսութիւնը անհաս բարձրունքների հասած կը լինի, ապա միեւնոյն է՝ ներկայիս ռեսուրսով (հնարաւորութիւններով-Խմբ.) նրանք երկխօսութեան յետեւից հասնելու որեւէ շանս չունեն, ու ոչ թէ երկխօսութեան ընթացքն են դանդաղեցնելու, այլ արագացնելու են սեփական մարգինալացումը»:
Այսպէ՜ս, ուրեմն, ՀԱԿը յոյս ունի, որ «երկխօսութեան» ճամբով պիտի նուաճէ անհասանելի բարձրունքներ, իսկ Դաշնակցութիւնը լաւ կ՛ընէ, եղե՜ր, որ չփորձէ իր քննադատութիւններով «երկխօսութեան» այդ «յաղթարշաւ»ը դանդաղեցնել, որովհետեւ իբր թէ ճիշդ հակառակ հետեւանքին՝ «մարգինալացման» պիտի դատապարտուի, պարզ ու մաքուր հայերէնով՝ լուսանցքի մէջ յայտնուելով։
Առանձին քննարկման ու անդրադարձի նիւթ է, որ ինչո՞ւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կոնգրեսական ճամբարը այս աստիճան կարեւորութիւն կ՛ընծայէ «երկխօսութեան» հասցէին հնչող քննադատութիւններուն։ Բացատրութիւնը ակներեւ է։ Ի վերջոյ ընդդիմադրութիւնը մենաշնորհի վերածելու յաւակնութեամբ կուրցած ՀՀ անդրանիկ նախագահը բնականաբար կը փախցնէ իր հանգիստ քունը, երբ իրաւ ընդդիմադրութիւն կը ձեւաւորուի մեր հասարակութեան մէջ եւ, մանաւա՛նդ, երբ Դաշնակցութիւնն է ե՛ւ իշխանաւոր, ե՛ւ իշխանազուրկ ճամբարներուն դէմ արմատական քննադատութեանց դրօշ պարզողը։
Տակաւին կայ աւելին ալ. Դաշնակցութիւնը առանձին չէ քաղաքացիական պահանջատիրութեան ժողովրդային շարժում ծաւալելու իր պայքարին մէջ. յանուն ժողովրդավարութեան եւ ներազգային համերաշխութեան պայքար կը մղէ նաեւ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը, որուն նկատմամբ Տէր Պետրոսեանական ճամբարը ըստ երեւոյթին դեռ չէ կրցած յաղթահարել իբրեւ իր «փարախ»էն հեռացած «դասալիք»ի պէս վարուելու քաղաքական բարդոյթը։
Բայց այսօրուան առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանի խնդիրը «մարգինալացման»՝ լուսանցքայնացման այն սպառնալիքն է, որուն ճարահատ կը դիմեն Տէր Պետրոսեան եւ իր կուսակիցները՝ զինաթափ դարձնելու համար ընդդիմադիր դաշտը իրենցմէ հեռացնելու ստոյգ «վտանգ» ներկայացնող Դաշնակցութիւնն ու Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը։
Ի՞նչ «մարգինալացման» մասին կը խօսին կոնգրեսականները։ Իշխանութիւն–ընդդիմադրութիւն թուացեալ «Երկխօսութեան» կեղծ ու անհեթեթ բեմադրութեան դէմ դիրքորոշուողը ի՞նչ լուսանցքի մէջ կրնայ յայտնուիլ։ Եթէ այս արուեստական «երկխօսութիւն»ն է Հայաստանի ներ–քաղաքական կեանքի «մայր հոսանք»ը, այդ պարագային «երկխօսութեան» կեղծիքը մերկացնողն ու զայն մերժողը ըստ ամենայնի կը յայտնուի մեր ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութեան մայր հոսանքին մէջ, որուն յարաբերաբար՝ քաղաքական իսկական «մարգինալացում»ը նոյնինքն «երկխօսութեան» նմանակումի լուսանցքն է, ուր ահա յայտնուած են թէ՛ Սերժ Սարգսեանի, թէ՛ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած ճամբարները։
Իսկ եթէ իշխանաւոր ճամբարին «երկխօսութիւն» պարտադրած ըլլալու ինքնագոհութեամբ կոնգրեսականները կը յաւակնին «մայր հոսանք» նկատելու իրենց գրաւած ընդդիմադիր դաշտը, այդ պարագային արմատական իշխանափոխութիւն եւ համակարգային բարենորոգում պահանջող մեր ժողովուրդի աչքին՝ ընդդիմադրութեան մայր հոսանքը կը գտնուի հոն, ուր այս կամ այն իշխանաւոր վարչախումբի փոխարինման աթոռակռիւէն առաջ եւ վեր՝ կը մղուի արդար հասարակարգի հաստատման բուն կռիւը։ Իսկ արմատական բարեկարգումներու ի խնդիր ընդդիմադիր այդ պայքարին յարաբերաբար՝ իսկական լուսանցքը իշխանութեան աթոռներու վերաբաշխման շուրջ պատեհապաշտ մրցապայքարն է, որուն բեմական հանդիսադրումն է պարզապէս այսօրուան «երկխօսութիւն»ը։
Աւելի՛ն. ոչ ոք կը մոռնայ, որ «մարգինալացման» նոյնպիսի սպառնալիքով ամիսներ առաջ Դաշնակցութեան եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան «իրատեսութեան»՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կամ Սերժ Սարգսեանի շուրջ բոլորուելու խրատներ կու տար Հանրապետական ղեկավարներէն Գալուստ Սահակեան…
Իբրեւ այդպիսին, զիրար կ՛արժեն եւ աւելին չեն թէ երէկուան՝ իշխանաւոր ճամբարէն, թէ՛ այսօրուան՝ իշխանութենէ հեռացուած գործիչներու ճամբարէն հնչող «մարգինալացման» սպառնալիքները։
Ինչպէս որ այսօրուան տիպի «երկխօսութիւն»ը սոսկ ձախող նմանակում մըն է իշխանութիւն–ընդդիմադրութիւն իրաւ երկխօսութեան, այնպէս ալ իրաւ ընդդիմադրութեան դէմ ճօճուող «մարգինալացում»ի սպառնալիքը սոսկ խրտուիլակ մըն է… որովհետեւ արդէն լուսանցքի մէջ յայտնուած են բոլոր անոնք, որոնք մեր ժողովուրդի վստահութեան քուէն այսպէս օր ցերեկով կը փորձեն ծառայեցնել սոսկ իրենց աթոռակռուին։
Բայց ըստ երեւոյթին խրտուիլակէ վախցող իրապէ՛ս կայ Հայաստանի ներ–քաղաքական կեանքին մէջ։
Եւ աւելորդ է փնտռել, թէ ո՞վ կը սարսափի «մարգինալացման» խրտուիլակէն։