Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ Էդուարդ Քոքոյթի ճափոնական «Մայնիթի» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հարաւային Օսեթիա մտադիր է Ռուսիոյ հետ դաշնակցային պետութիւն մը ստեղծել։
«Մենք կը կառուցենք անկախ պետութիւն, որուն ժողովուրդը միշտ պիտի յիշէ Ռուսիոյ աջակցութիւնը, եւ մենք պիտի ձգտինք անոր հետ դաշնակցային պետութիւն ստեղծելու։ Ռուսիան եղած է եւ պիտի մնայ մեր հիմնական ռազմավարական գործընկերն ու դաշնակիցը», յայտարարած է Քոքոյթի։
Ան կարծիք յայտնած է, թէ Ռուսիան մտադիր չէ իրեն կցելու Հարաւային Օսեթիան, այլ պայմաններ կը ստեղծէ, որպէսզի Հարաւային Օսեթիոյ անկախութիւնը ամրապնդուի եւ զարգանայ։