Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 29 Ապրիլին հիւրընկալեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Վրաստանի նախագահ Միխէիլ Քաւելաշվիլիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Փաշինեան անդրադարձաւ երկկողմ յարաբերութիւններու կարեւորութեան: «Դուք գիտէք, թէ որքան ենք կարեւորում մենք Վրաստանի հետ մեր երկկողմ յարաբերութիւնները եւ արդէն ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի ենք հասցրել մեր յարաբերութիւնները: Դա, կարծում եմ, մի քայլ է, որն արտայայտում է մեր երկարաժամկէտ մտադրութիւնները: Միշտ ասել եմ եւ շարունակում եմ մնալ այն համոզմունքին, որ Վրաստանը եւ Հայաստանն ունեն ընդհանուր շահեր, եւ պէտք է մեր յարաբերութիւնները կառուցել այդ շահերի վրայ», ըսաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ այդ շահերը կը տեղակայուին նաեւ տարածաշրջանի` Հարաւային Կովկասի երկարատեւ զարգացման շահերու պարունակին մէջ:
Քաւելաշվիլի բարձր գնահատեց առաւել քան 3000 տարիներու յարաբերութիւնները՝ դիտել տալով, որ անոնք պէտք է խորանան եւ զարգանան, եւ ան յիշեցուց, թէ նախորդ տարի ստորագրուեցաւ ռազմավարական համաձայնագիրը։ Քաւելաշվիլի շեշտեց, որ ամէն ինչ պէտք է ընել, որպէսզի Հարաւային Կովկասը ըլլայ հզօր տարածաշրջան մը: Ան նաեւ ողջունեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրին համաձայնեցումը եւ յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ շուտով անիկա պիտի ստորագրուի եւ տարածաշրջանը պիտի ըլլայ խաղաղ եւ կայուն: «Վրաստան` իբրեւ չէզոք երկիր, տարածաշրջանին մէջ ապահովութիւն երաշխաւորելու ներուժ ունի եւ շահագրգռուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումով», յայտնեց Քաւելաշվիլի։
Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեան օրակարգային զանազան հարցեր, որոնք կը վերաբերին տնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, ենթակառուցուածքներու, կրթութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ միացեալ ծրագիրներու: Կողմերը կարեւոր նկատեցին բարձրաստիճան փոխայցելութիւններու աշխոյժ բնոյթը: Անոնք անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանի գործընթացներուն:
Քաւելաշվիլի այցելեց նաեւ Ծիծեռնակաբերդ եւ ծաղկեպսակ մը զետեղեց յուշակոթողին դիմաց՝ յարգանքի տուրք մատուցանելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին: