ՊԱՔՈՒ.- Միջազգային ճգնաժամային խմբակը հրապարակած է ամբողջ աշխարհին մէջ ընթացիկ եւ հաւանական հակամարտութիւններու վերաբերեալ իր Յուլիս ամսուան հերթական զեկուցումը։
Հայկական «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ խմբակը նշած է, թէ աշխարհի մէջ հակամարտութիւններու շուրջ եօթը տասնեակ օճախ կայ, եւ ըստ զեկուցումին, ոչ մէկ տեղ իրավիճակի բարելաւում կ՛արձանագրուի. այդ սիւնակը դատարկ է։
«Վատթարացած իրավիճակներ» սիւնակին մէջ դասուած է ութ երկիր, իսկ բոլոր հակամարտութիւններուն շրջանները, որոնց շարքին՝ Հայաստանը, Ղարաբաղը, Ատրպէյճանը, դասուած են «Չփոխուած իրավիճակներ» շարքին։
Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի մասին նշուած է, թէ երեք կուսակցութիւններէ բաղկացած իշխող համախոհական կառավարութեան ու ընդդիմադիր Հայ Ագային Քոնկրեսին միջեւ քաղաքական բարեփոխումներուն շուրջ քննարկումներու շարք մը սկսած է։ Ղարաբաղի մասին կը նշուի, որ Քազանի վեհաժողովէն նշանակալից յառաջցընթաց կ՛ակնկալուէր, սակայն ատոր ձախողութենէն ետք, խորացած է հիասթափութիւնն ու յոռետեսութիւնը՝ յատկապէս ատրպեճանական կողմին։
Իսկ Ատրպէյճանի մէջ, 4 Յուլիսին, Ատրպէյճանի եւ Իրանի սահմանապահներուն միջեւ զինեալ բախում տեղի ունեցած է։ Զեկուցումի հեղինակները կ՛ենթադրեն, որ ատրպէյճանցիները պատահաբար անցած են Իրանի տարածք, որուն պատճառով ալ բախում տեղի ունեցած է եւ սպաննուած՝ ատրպէյճանցի սահմանապահ մը։
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռը կը հաղորդէ նաեւ, որ Ատրպէյճանի ներքաղաքական խնդիրներէն ուշադրութեան արժանացած են Ատրպէյճանի իսլամական կուսակցութեան ղեկավարին, այլ անդամներուն, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր այլ կուսակցութիւններու գործիչներուն դատավարութիւնները։